Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արաբական Ծոց-Սեւ Ծով Տարանցիկ Միջանցքին Մասնակից Երկիրները Մօտ Են Համաձայնագիրի Հաստատման» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանատունը

Նոյեմբեր 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախաձեռնած «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի ծրագիրը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանը, աստիճանաբար կը ձեւաւորուի: Իրագործման պարագային աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններ ունեցող այս մեծ նախագիծը կրնայ Հնդկաստանէն մինչեւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներ երկարող տարանցիկ մեծ ճամբայ ձեւաւորել` աշխուժացնելով Ասիոյ ու Եւրոպայի առեւտրական կապերը եւ անոնց շարքին մեծցնելով Հայաստանի` շրջանին մէջ ունեցած տնտեսական ու քաղաքական կշիռը:

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունը «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» տարանցիկ միջանցքի համաձայնագիրը կրնայ հաստատուիլ մասնակից երկիրներու` Սոֆիայի մէջ տեղի ունենալիք յաջորդ հանդիպումին ընթացքին:

Միջազգային այս մեծ նախագիծին նպատակը Արաբական ծոցի եւ Սեւ ծովի նաւահանգիստները տնտեսապէս իրար կապելն է: Իրան այս գաղափարը առաջարկած էր 2016 թուականին: Օրին Թեհրան յայտարարած էր, որ ծրագիրին մաս պիտի կազմեն Հարաւային Կովկասի բոլոր երեք հանրապետութիւնները, եւ դէպի Սեւ ծով տանող տարանցիկ ճամբաներէն մէկը կրնայ ըլլալ Հայաստանը: Սակայն մասնակից երկիրներու ներկայացուցիչներու աշխատանքային վերջին հանդիպումներէն եւ շրջանին մէջ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած յայտնի զարգացումներէն յստակ դարձաւ, որ Ազրպէյճան դուրս կը մնայ նախագիծէն: Փոխարէնը ծրագիրին աշխուժօրէն կը մասնակցի Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ նախաձեռնութեան առայժմ Իրանէն բացի կը մասնակցին Հայաստանը, Վրաստանը, Յունաստանը եւ Պուլկարիան: Սակայն նախագիծին կրնան միանալ դէպի Պարսից եւ Օմանի ծոցեր եւ դէպի Սեւ ծով ելք ունեցող այլ երկիրներ, ներառեալ Արեւելքի մեծագոյն տնտեսութիւններէն մէկը` Հնդկաստանը, էապէս ընդլայնելով Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ առեւտուրի զարգացման նպաստող միջանցքի աշխարհագրութիւնը:

Հայաստանը իր կարգին կրնայ դառնալ իրանեան հեռաւոր Չապահար նաւահանգիստէն կամ Պանտար Ապպասէն մինչեւ Պուլկարիա եւ Յունաստան երկարող մեծ ճամբու կարեւոր կապող օղակներէն մէկը` նախ եւ առաջ կառուցուող «Հիւսիս-հարաւ» ճամբով: Եւ բարեկամ Իրանը բարձր կը գնահատէ այս ուղղութեամբ Հայաստանի գործադրած ջանքերը:

 

 

Նախորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտած Է Թեհրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Հաստատած Նոր Պատժամիջոցները

Յաջորդը

Ըստ Իսրայէլեան «Քան» Պատկերասփիւռի Կայանին. Սէուտական Անձնական Օդանաւ Մը Էջք Կատարած Է «Պեն Կորիոն» Օդակայան

RelatedPosts

Ապտոլլահեան. «Հայաստանի Անվտանգութիւնը  Կը Նկատենք Իրանի Անվտանգութիւնը»
Միջազգային

Ապտոլլահեան. «Աշխարհագրութեան, Դրացնութեան Քաղաքականութեան, Պատմութեան Վրայ Հիմնուած Համագործակցութիւնը Կրնայ Ապահովել Շրջանի Խաղաղութիւնը»

Սեպտեմբեր 26, 2023
Հիւսիսային Իտալիոյ Մէջ 5,1 Աստիճան  Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ
Միջազգային

Հիւսիսային Իտալիոյ Մէջ 5,1 Աստիճան Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ

Սեպտեմբեր 19, 2023
Զօր. Միլի. «Քիեւի Դէպի Վերջնական  Յաղթանակ Ճամբան Տակաւին Շատ Երկար Է»
Միջազգային

Զօր. Միլի. «Քիեւի Դէպի Վերջնական Յաղթանակ Ճամբան Տակաւին Շատ Երկար Է»

Սեպտեմբեր 19, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In