Միջազգային

«Պայտըն Զելենսքիին Վստահեցուց, Որ Ամերիկան Վճռական Կերպով Պիտի Միջամտէ, Եթէ Ռուսիան Ուքրանիա Ներխուժէ»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

«Պայտըն Զելենսքիին Վստահեցուց, Որ Ամերիկան Վճռական Կերպով Պիտի Միջամտէ, Եթէ Ռուսիան Ուքրանիա Ներխուժէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր ուքրանացի պաշտօնակից Վոլոտիմիր Զելենսքիին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ վճռական կերպով պիտի միջամտեն, եթէ Ռուսիան Ուքրանիա ներխուժէ»: Փսաքի իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ աւելցուց. «Պայտըն նաեւ Զելենսքիին ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին ուքրանական տագնապի դիւանագիտական ջանքերու ճամբով լուծման, ներառեալ 9 եւ 10 յունուարին Ժընեւի մէջ նախատեսուած ռուս-ամերիկեան բարձր մակարդակի...

Էրտողան. «Փետրուարին Սէուտական Արաբիա Պիտի Այցելեմ»

Էրտողան. «Փետրուարին Սէուտական Արաբիա Պիտի Այցելեմ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Առեւտրական ձեռնարկէ մը դուրս գալու ընթացքին, պատասխանելով դէպի Սէուտական Արաբիա արտածումներու հարցերը լուծելու մասին հարցումի մը, Էրտողան յայտնած է, որ փետրուարին Սէուտական Արաբիա պիտի այցելէ: «Ան զիս փետրուարին կը սպասէ: Ան խոստացաւ, եւ ես փետրուարին պիտի այցելեմ Սէուտական Արաբիա»,...

Պըն Ֆարհան. «Մեր Ձեռքը Իրանին Երկարած Է` Շրջանին Մէջ Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Հաստատման Համար Գործակցելուն Պարագային»

Պըն Ֆարհան. «Մեր Ձեռքը Իրանին Երկարած Է` Շրջանին Մէջ Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Հաստատման Համար Գործակցելուն Պարագային»

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ երէկ Յորդանանի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մեր ձեռքը Իրանին երկարած է` շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման համար գործակցելուն պարագային»: Ան նաեւ շեշտեց «Իրանի` հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը արգիլելու ջանքերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը»: Պըն Ֆարհան ըսաւ, որ Սէուտական Արաբիան...

Քրեմլին. «Փութինն Ու Էրտողանը Քննարկած Են Անդրկովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը»

Քրեմլին. «Փութինն Ու Էրտողանը Քննարկած Են Անդրկովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Քրեմլինի կայքը կը հաղորդէ, որ Փութինն ու Էրտողանը ամփոփած են երկկողմանի համագործակցութեան հիմնական արդիւնքները եւ վերահաստատած Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխշահաւէտ գործընկերութեան հետագայ աշխուժացման իրենց յանձնառութիւնը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջազգային նիւթերու, ներառեալ Ռուսիոյ անվտանգութիւնը երաշխաւորող իրաւական ձեւակերպուած համաձայնագիրներու մշակման ռուսական կողմէն յայտնի առաջարկներուն, Անդրկովկասի...

«Կ՛ողջունենք Անգարայի Եւ Երեւանի Երկկողմանի  Երկխօսութեան Սկսելու Պատրաստակամութիւնը»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«10 Յունուարին Ժընեւեան Բանակցութիւններուն Մէջ Ռուսիան Միացեալ Նահանգներէն Պիտի Ձգտի Ռուսիոյ Անվտանգութեան Ամուր Երաշխիքներ Ստանալ» Կ՛ըսէ Զախարովա

10 յունուարին Ժընեւի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին Ռուսիան ամերիկեան կողմէն պիտի ձգտի ստանալ Ռուսիոյ անվտանգութեան ամուր երաշխիքներ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան: «Օրակարգին վրայ, ի հարկէ, ընդգրկուած է 15 դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Ռուսիայէն փոխանցուած ռուսական երկու հիմնարար փաստաթուղթերու նախագիծերու քննարկում` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ անվտանգութեան երաշխիքներու եւ Ռուսիոյ եւ Հիւսիսային Ատլանտեան...

«Միացեալ Նահանգները Պէտք Է Յառաջ Մղեն  Մինսքի Հոլովոյթը` Արցախը Հայկական Պահող  Լուծման Հասնելու Համար»  Կ՛ըսէ Փալոն

«Աշխատանք Պիտի Տանիմ Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Պատերազմական Յանցագործութիւններու Զեկուցումներուն Ճշգրտութիւնը Ապահովելու Համար» Կ՛ըսէ Փալոն

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրանք Փալոն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային պաշտպանութեան մասին օրէնքը, որ վերջերս ստորագրած է երկրի նախագահ Ճօ Պայտընը, կը բովանդակէ կարեւոր կէտեր, որուն կ՛առնչուին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին: «Ազգային պաշտպանութեան մասին օրէնքը, որ նախագահ Պայտընը մէկ օր առաջ ստորագրած է, կը ներառէ կարեւոր կէտեր, որոնց նպատակը Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան Արցախի մէջ գործուած պատերազմական յանցագործութիւններուն համար...

Իրան Կապանի Մէջ Հիւպատոսարան Պիտի Բանայ

Իրան Կապանի Մէջ Հիւպատոսարան Պիտի Բանայ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը Կապանի մէջ հիւպատոսարան պիտի բանայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը` յղում կատարելով իրանեան պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան: Իրանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Հայաստանի հետ սահմանամերձ Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքին մէջ հիւպատոսարան բանալու` արտաքին գործոց նախարարութեան առաջարկին: Նշենք, որ Կապանէն կ՛անցնի Իրանը ԵԱՏՄ-ին կապող Հիւսիս-հարաւ միջանցքի հիմնական ճամբան: Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է նաեւ Պանտար Ապպաս նաւահանգստային քաղաքին մէջ...

Սէուլ Եւ Ուաշինկթըն Համաձայնած Են Քորէական Պատերազմի Աւարտին Վերաբերեալ Համաձայնագիրի Նախնական Փաստաթուղթին Շուրջ

Սէուլ Եւ Ուաշինկթըն Համաձայնած Են Քորէական Պատերազմի Աւարտին Վերաբերեալ Համաձայնագիրի Նախնական Փաստաթուղթին Շուրջ

Հարաւային Քորէան եւ Միացեալ Նահանգները համաձայնած են 1950-1953 թուականներու քորէական պատերազմի պաշտօնական աւարտի մասին փաստաթուղթի նախնական բնագիրին շուրջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարար Չոն Իյ Եոն: Հիւսիսային Քորէայի, Հարաւային Քորէայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի մասնակցութեամբ զինեալ տագնապը աւարտած է զինադադարով, կողմերը պատերազմի աւարտի մասին փաստաթուղթ չեն ստորագրած: Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չժէ...

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ամուսնութեան Երեք Կարեւորագոյն Բառերը` «Հաճիս», «Շնորհակալութիւն» Եւ «Ներողութիւն»

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ամուսնութեան Երեք Կարեւորագոյն Բառերը` «Հաճիս», «Շնորհակալութիւն» Եւ «Ներողութիւն»

Ֆրանչիսկոս պապը յայտարարած է, որ ամուսնութեան մէջ երեք կարեւորագոյն բառերն են` «հաճիս»-ը, «շնորհակալութիւն»-ը եւ «ներողութիւն»-ը: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Մէյլ»-ը: 85 տարեկան պապը իր կիրակնօրեայ ուղերձը այս անգամ նուիրած է ամուսնացած զոյգերուն` անոնց կոչ ուղղելով աւելի շատ երեխաներ ունենալու` Իտալիոյ ժողովրդագրական անկումը շրջելու համար: Իտալիոյ մէջ արձանագրուած է աշխարհի վրայ ամէնէն ցած ծնելիութեան ցուցանիշներէն մէկը: «Թերեւս մենք չենք ծնած...

ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ Հետ Կապի Մէջ Է Ռուսիա-ՕԹԱՆ Խորհուրդի Նիստի Կազմակերպման Հարցով

ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ Հետ Կապի Մէջ Է Ռուսիա-ՕԹԱՆ Խորհուրդի Նիստի Կազմակերպման Հարցով

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ մտադիր է 12 յունուարին Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի խորհրդակցութիւն հրաւիրելու: Դաշինքը Մոսկուայի հետ կապի մէջ է այդ հանդիպումին կազմակերպման համար: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած են ՕԹԱՆ-ի մամլոյ ծառայութենէն: «ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ` իբրեւ Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի նախագահ, որոշած է 12 յունուար 2022 թուականին նիստի հրաւիրել: Մենք այդ հանդիպումին վերաբերեալ կապի մէջ ենք Մոսկուայի հետ»,...

«ՕԹԱՆ-ը Վտանգաւոր Սադրանքներ Կը Կազմակերպէ ՀԱՊԿ-ի Անդամ Երկիրներու Սահմաններուն Մօտ» Կ՛ըսէ Զաս

ՕԹԱՆ-ին ուղղուած անվտանգութեան երաշխիքներու մասին Ռուսիոյ առաջարկներէն ետք արեւելեան Եւրոպայի ուղղութեամբ լարուածութիւնը պէտք է նուազի: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս: Գործակալութեան համաձայն, ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին, մէջ արեւմտեան սահմաններուն վրայ տիրող կացութիւնը «հեռու է կայուն ըլլալէ»: ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին համաձայն, ՕԹԱՆ-ի զինուորական ենթակառոյցներու համալրում տեղի կ՛ունենայ, ներառեալ յարձակողական առաջադրանքներ կատարելու համար նախատեսուած...

Թուրքիոյ Մէջ Նոր Փապուղի Կը Բացուի Հարաւային Կովկասի Ուղղութեամբ

Թուրքիոյ Մէջ Նոր Փապուղի Կը Բացուի Հարաւային Կովկասի Ուղղութեամբ

Այսօր Թուրքիոյ հարաւը տեղի պիտի ունենայ բացումը ինքնաշարժներու երթեւեկի նոր փապուղիի, որ պիտի վերածուի Թուրքիոյ եւ Կովկասի շրջանի երկիրներուն միջեւ փոխադրամիջոցային նոր զարկերակի: Այս մասին կը յայտնէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Փապուղիի երկարութիւնը կը կազմէ 2246 մեթր: Երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի համաձայն, անիկա կը միացնէ Էրզրում նահանգի Ուզունտերէ շրջանը Արդվին քաղաքին հետ: Կը նշուի, որ փապուղին կարեւոր օղակ պիտի դառնայ...

10 Յունուարին Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններ` Հիւլէական Զէնքերու Եւ Ուքրանիոյ Հարցերուն Շուրջ

10 Յունուարին Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններ` Հիւլէական Զէնքերու Եւ Ուքրանիոյ Հարցերուն Շուրջ

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան 10 յունուարին հիւլէական զէնքերու հսկողութեան ու ուքրանական տագնապին շուրջ պիտի բանակցին: Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդի մէկ բանբերը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներ անհամբեր կը սպասեն Ռուսիոյ հետ երկխօսութեան սկիզբին»: Ան նշած է, որ այս առաջին ժողովին կրնայ 12 յունուարին յաջորդել երկրորդ ժողով մը` այս անգամ Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ,...

Ալեքսանտր Ֆոմին. «ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ Հետ Լայնածաւալ Զինեալ Տագնապի Կը Պատրաստուի»

Ալեքսանտր Ֆոմին. «ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ Հետ Լայնածաւալ Զինեալ Տագնապի Կը Պատրաստուի»

ՕԹԱՆ-ը համակարգուած կերպով չի կատարեր Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի աշխատանքի սկիզբը նշանաւորած 2002 թուականին Հռոմի հռչակագիրի ստորագրումէն ետք իր ստանձնած պարտաւորութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Քոմերսանթ»-ը` վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմինի յայտարարութիւնները: Անոր կարծիքով` Հիւսիսատլանտեան դաշինքը կը պատրաստուի Ռուսիոյ հետ լայնածաւալ զինեալ տագնապի: Ասիկա Ռուսիան կը ստիպէ կարծր կերպով բարձրացնելու սեփական անվտանգութեան երաշխիքներու հարցը: «Դաշինքի զինուորական շինարարութիւնը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է Ռուսիոյ...

«Կռիւով Կամ Խաղաղութեամբ Պիտի Գանք  Իտլիպ, Եւ Մեր Ժողովուրդը Պիտի Սանձէ Քիւրտերը»  Կ՛ըսէ Մըքտատ

«Թուրքիան Մեր Հողերուն Մէկ Մասը Բռնագրաւած Է, Թրքացման Քաղաքականութիւն Կը Վարէ Եւ Սուրիոյ Քանդումին Մէջ Շահ Ունի» Կ՛ըսէ Մըքտատ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ Թուրքիան բռնագրաւած է սուրիական հողերուն մէկ մասը, թրքացման քաղաքականութիւն կը վարէ եւ Սուրիոյ քանդումին մէջ շահ ունի: «Սուրիան պիտի ազատագրէ թէ՛ Իտլիպը, թէ՛ ալ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ հիւսիսային շրջանները, եւ թրքական վարչակարգը կը խոչընդոտէ Ասթանայի հոլովոյթն ու Սոչիի համաձայնութեան գործադրումը` հակառակ անոնց դրական ըլլալուն», ըսաւ Մըքտատ: «Ամերիկեան բռնագրաւումն ու անոր աջակցութիւնը վայելող...

Իրան 29 Նոյեմբերին Պիտի Վերադառնայ Վիեննայի Մէջ Հիւլէական Գործարքին  Շուրջ Բանակցութիւններուն

Թեհրան. «Իրան Հիւլէական Գործարքի Ծիրէն Դուրս Ոչ Մէկ Պահանջ Պիտի Ընդունի»

Իրանի իշխանութիւնը պիտի չընդունի որեւէ կարգի պայման, որ նախատեսուած չէ Թեհրանի հիւլէական գործարքին շուրջ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրով: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Բանակցութիւններուն որոշ մասնակիցներ կը ձգտին առաջադրել լրացուցիչ պահանջներ», նշած են նախարարութենէն` աւելցնելով, որ Թեհրան պիտի չստանձնէ որեւէ կարգի պարտաւորութիւն, որ դուրս է այդ գործարքի ծիրէն, եւ հանդէս կու գայ...

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Ներկայացուց «Քորոնա»-Ի Համաճարակի Աւարտին Համար Անհրաժեշտ Պայմանները

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Ներկայացուց «Քորոնա»-Ի Համաճարակի Աւարտին Համար Անհրաժեշտ Պայմանները

«Քորոնա» ժահրի համաճարակը պիտի աւարտի, երբ աշխարհի վրայ պատուաստուի բնակչութեան 70 առ հարիւրը, եւ դեղեր ստեղծուին հիւանդացածներու բուժման համար: «Առ.Պի.Քէյ.» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւրոպական գրասենեակի ղեկավար Հանս Քլիւկէ: «Համաճարակը պիտի աւարտի, երբ մենք կարենանք արդիւնաւէտ եւ անվտանգ հակաժահրային դեղեր մշակել «Քորոնա»-ով հիւանդացածները բուժելու համար», կարծիք յայտնած է Քլիւկէ: Ան անդրադարձած է նաեւ Առողջապահութեան...

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բանակցութիւններու Նոր Փուլ Կը Պատրաստենք»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բանակցութիւններու Նոր Փուլ Կը Պատրաստենք» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարեց, որ Վիեննայի մէջ Գործողութիւններու միացեալ եւ համապարփակ ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններու 8-րդ փուլին ընթացքին պատժամիջոցներու ջնջման եւ ամերիկեան երաշխիքներ ստանալու շուրջ նախագիծ մը պիտի քննարկուի: «Պէտք է հիւլէական համաձայնագիրին տնտեսական բոլոր կէտերը ստանանք», ըսաւ ան: «Յառաջիկայ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է առանց արգելքներու քարիւղ ծախելու եւ շահերը ստանալու արտօնութիւնը երաշխաւորէ», կը նշէ Ապտոլլահեան: «Մենք...

«Միացեալ Նահանգներու Հետ Անվտանգութեան Երաշխիքներու Շուրջ Բանակցութիւնները Պիտի Կատարուին Ամավերջի Արձակուրդէն Անմիջապէս Ետք»   Կ՛ըսէ Լաւրով

«Միացեալ Նահանգներու Հետ Անվտանգութեան Երաշխիքներու Շուրջ Բանակցութիւնները Պիտի Կատարուին Ամավերջի Արձակուրդէն Անմիջապէս Ետք» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ անվտանգութեան հարցերով բանակցութիւնները պիտի կատարուին ամավերջի արձակուրդէն անմիջապէս ետք»: «Ամերիկայի հետ բանակցութիւնները պիտի կատարուին նախարարական միացեալ յանձնախումբի եւ զինուորականներու մասնակցութեամբ», ըսաւ Լաւրով: «Ռուսիան կը սպասէ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ խորհրդակցութիւններուն մէջ զինուորական կողմի մասնակցութեան վերաբերեալ ՕԹԱՆ-ի պատասխանին», ըսաւ ան` նշելով. «Հիմնականին մէջ մեզ հետաքրքրողը ՕԹԱՆ-ի հետ զինուորական մակարդակի վրայ երկխօսութիւն կատարելն...

Ապտոլլահեան Կը Հերքէ Ասատը Իշխանութենէն Հեռացնելու Մասին Ռուս-Իրանեան Համաձայնութեան Վերաբերող Լուրը

«Պէտք Չէ Շրջանէն Դուրս Գտնուող Երկիրներէն Խնդրել, Որ Մեր Ճակատագիրը Որոշեն Եւ Մեր Խնդիրները Լուծեն» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Շրջանի երկիրները կրնան իրենց խնդիրները լուծել: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան: «Դուրսի միջամտութեան կարիք չկայ. պէտք չէ շրջանէն դուրս եղող երկիրներէն խնդրել, որ մեր ճակատագիրը որոշեն եւ մեր խնդիրները լուծեն: Անոնց համար մեր շրջանին մէջ տեղ չի կրնար ըլլալ:...

Page 292 of 883 1 … 291 292 293 … 883

Արխիւներ