Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըն Ֆարհան. «Մեր Ձեռքը Իրանին Երկարած Է` Շրջանին Մէջ Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Հաստատման Համար Գործակցելուն Պարագային»

January 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ երէկ Յորդանանի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մեր ձեռքը Իրանին երկարած է` շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման համար գործակցելուն պարագային»:

Ան նաեւ շեշտեց «Իրանի` հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը արգիլելու ջանքերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը»:

Պըն Ֆարհան ըսաւ, որ Սէուտական Արաբիան Յորդանանի հետ տարբեր մարզերու մէջ ունի հաստատ յարաբերութիւններ, «եւ Սաֆատիի հետ ժողովը արդիւնաւէտ ու շինիչ էր: Քննարկուեցան շարք մը թղթածրարներ, որոնց կարեւորագոյնը շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հիմերը ամրապնդելն էր»:

Սաֆատի իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը կը գնահատէ «սէուտական թագաւորութեան Յորդանանին աջակցող կեցուածքները, եւ մենք եւս կը կանգնինք Սէուտական Արաբիոյ կողքին»:

Ան աւելցուց, որ քննարկուած է «Պաղեստինեան դատը եւ անոր երկու պետութիւններու հիմամբ լուծումը, եւ այս տագնապին նկատմամբ մեր կեցուածքները մէկ են»:

Յորդանանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ հանդիպումի ընթացքին արծարծած է սուրիական, լիպիական եւ իրաքեան տագնապներու հարցը:

 

Նախորդը

Քրեմլին. «Փութինն Ու Էրտողանը Քննարկած Են Անդրկովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը»

Յաջորդը

Էրտողան. «Փետրուարին Սէուտական Արաբիա Պիտի Այցելեմ»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.