Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Քրեմլինի կայքը կը հաղորդէ, որ Փութինն ու Էրտողանը ամփոփած են երկկողմանի համագործակցութեան հիմնական արդիւնքները եւ վերահաստատած Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխշահաւէտ գործընկերութեան հետագայ աշխուժացման իրենց յանձնառութիւնը:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջազգային նիւթերու, ներառեալ Ռուսիոյ անվտանգութիւնը երաշխաւորող իրաւական ձեւակերպուած համաձայնագիրներու մշակման ռուսական կողմէն յայտնի առաջարկներուն, Անդրկովկասի մէջ տիրող կացութեան, սուրիական եւ լիպիական տագնապներու լուծման: