Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Առեւտրական ձեռնարկէ մը դուրս գալու ընթացքին, պատասխանելով դէպի Սէուտական Արաբիա արտածումներու հարցերը լուծելու մասին հարցումի մը, Էրտողան յայտնած է, որ փետրուարին Սէուտական Արաբիա պիտի այցելէ:
«Ան զիս փետրուարին կը սպասէ: Ան խոստացաւ, եւ ես փետրուարին պիտի այցելեմ Սէուտական Արաբիա», ըսած է ան` ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած տեսերիզի մը մէջ` առանց անուն նշելու:
Դէպի Սէուտական Արաբիա արտածումները վերջին տարիներուն մեծ անկում կրած են երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան պատճառով: Թուրքիա այժմ աշխատանք կը տանի շրջանային ուժերուն, ներառեալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ իր յարաբերութիւնները կարգաւորելու, մինչ երկրին տնտեսութիւնը կը դիմագրաւէ ազգային դրամանիշի մեծ անկում եւ հետզհետէ ահագնացող սղաճ մը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Էրտողան անցեալ ամիս Քաթար իր այցելութեան ընթացքին ուզած է հանդիպում ունենալ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ: Հանդիպումը տեղի չէ ունեցած, սակայն ծրագիրին ծանօթ անձեր յայտնած են, թէ այդպիսի հանդիպում մը կրնայ մօտ օրէն տեղի ունենալ:
Սէուտական Արաբիան թրքական ապրանքներու ներածման դէմ ոչ պաշտօնական արգելք ճշդած էր 2020 թուականին, երբ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով երկու շրջանային երկիրներուն միջեւ յառաջացած քաղաքական լարուածութիւնը առեւտուրի ոլորտ մուտք գործեց: