«Քորոնա» ժահրի համաճարակը պիտի աւարտի, երբ աշխարհի վրայ պատուաստուի բնակչութեան 70 առ հարիւրը, եւ դեղեր ստեղծուին հիւանդացածներու բուժման համար: «Առ.Պի.Քէյ.» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւրոպական գրասենեակի ղեկավար Հանս Քլիւկէ:
«Համաճարակը պիտի աւարտի, երբ մենք կարենանք արդիւնաւէտ եւ անվտանգ հակաժահրային դեղեր մշակել «Քորոնա»-ով հիւանդացածները բուժելու համար», կարծիք յայտնած է Քլիւկէ:
Ան անդրադարձած է նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ «Սփութնիք 5» ռուսական պատուաստանիւթի ձեւակերպման ընթացքին` նշելով, որ ատիկա շուտով իր աւարտին պիտի մօտենայ:
Մասնագէտին կարծիքով` ռուսական պատուաստանիւթի հաստատումը քաղաքական հոլովոյթ չէ. այժմ կարեւոր է աշխարհի վրայ կարելի եղածին չափ շատ մարդ պատուաստել` համաճարակը կանգնեցնելու համար: