Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ամուսնութեան Երեք Կարեւորագոյն Բառերը` «Հաճիս», «Շնորհակալութիւն» Եւ «Ներողութիւն»

December 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանչիսկոս պապը յայտարարած է, որ ամուսնութեան մէջ երեք կարեւորագոյն բառերն են` «հաճիս»-ը, «շնորհակալութիւն»-ը եւ «ներողութիւն»-ը: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Մէյլ»-ը:

85 տարեկան պապը իր կիրակնօրեայ ուղերձը այս անգամ նուիրած է ամուսնացած զոյգերուն` անոնց կոչ ուղղելով աւելի շատ երեխաներ ունենալու` Իտալիոյ ժողովրդագրական անկումը շրջելու համար:

Իտալիոյ մէջ արձանագրուած է աշխարհի վրայ ամէնէն ցած ծնելիութեան ցուցանիշներէն մէկը:

«Թերեւս մենք չենք ծնած բացառիկ, առանց խնդիրներու ընտանիքի մէջ, սակայն մեր ընտանիքը մեր պատմութիւնն է: Բոլորը պէտք է մտածեն` ատիկա իմ պատմութիւնս է: Անոնք մեր արմատներն են. եթէ կտրենք զանոնք, կեանքը պիտի չորնայ», ըսած է պապը:

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուապետը նշած է, որ համաճարակով պայմանաւորուած արգելափակումները եւ մեկուսացումները ընտանիքներուն ստիպած են միասին աւելի շատ ժամանակ անցընել:

«Մինչ այդ, գոյութիւն ունեցող խնդիրները սրած են` յառաջացնելով տագնապներ, որոնք որոշ պարագաներու կը դառնան գրեթէ անտանելի: Շատերը նոյնիսկ անցած են յարաբերութիւններու խզման մէջէն», ըսած է ան` զոյգերուն յիշեցնելով, որ ծնողներու բաժանումը չափազանց ծանր է երեխաներուն համար, որոնք ծնողները կ՛ընկալեն իբրեւ սիրոյ, վստահութեան եւ ուժի կայուն աղբիւր:

Ան կրկնած է այն գաղափարը, որ յաճախ օգտագործուած է ընտանիքներու եւ ամուսնական զոյգերու հետ հանդիպելու ընթացքին` թուարկելով ամուսնութեան երեք կարեւորագոյն բառերը` «հաճիս», «շնորհակալութիւն» եւ «ներողութիւն»:

Ֆրանչիսկոս պապը ընդգծած է, որ գիշերը քնանալէ առաջ չհաշտուիլը յաջորդ առաւօտ կրնայ «պաղ պատերազմի» յանգեցնել:

«Քանի անգամ, ցաւօք, խնդիրներ կը ծագին տան պատերուն մէջ` երկարատեւ լռութեան եւ անզուսպ եսասիրութեան պատճառով: Երբեմն ատիկա նոյնիսկ կ՛աւարտի ֆիզիքական եւ բարոյական բռնութեամբ: Ասիկա կը խաթարէ ներդաշնակութիւնը եւ կը սպաննէ ընտանիքը», ըսած է պապը:

Ան նաեւ ընտանիքները յորդորած է ճաշի սեղանի շուրջ մէկդի դնել իրենց բջիջային հեռաձայնները եւ խօսիլ: «Ցաւալի է ճաշի ժամանակ տեսնել ընտանիք մը, ուր իւրաքանչիւրը իր բջիջային հեռաձայնով զբաղած է, իրարու հետ չեն խօսիր, բոլորը կը խօսին բջիջային հեռաձայնով», ըսած է ան:

 

Նախորդը

ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ Հետ Կապի Մէջ Է Ռուսիա-ՕԹԱՆ Խորհուրդի Նիստի Կազմակերպման Հարցով

Յաջորդը

Սէուլ Եւ Ուաշինկթըն Համաձայնած Են Քորէական Պատերազմի Աւարտին Վերաբերեալ Համաձայնագիրի Նախնական Փաստաթուղթին Շուրջ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.