Միջազգային

«Լոքհիտ Մարթին»-ը Թուրքիան Դուրս Ձգած Է  «Էֆ-35» Հալածիչներու Ստեղծման Ծրագիրէն

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Յայտնէ Ուաշինկթընի Հետ «Էֆ-35»-ներու Մատակարարման Շուրջ Հանդիպումի Մասին

Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները պիտի քննարկեն «Էֆ-35»-ի խնդիրը այս տարուան սկիզբը տեղի ունենալիք հանդիպումի ընթացքին, որ, հաւանաբար, տեղի պիտի ունենայ Ուաշինկթընի մէջ: Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար: «Էֆ-35»-ին առնչուած` Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը հոկտեմբերին այցելած էր Թուրքիա: Մեր պատուիրակութիւնը տարեսկիզբին դարձեալ այս հարցը պիտի քննարկէ: Այս հանդիպումը, ամենայն հաւանականութեամբ, տեղի պիտի...

Չինական Մեծ Պատին Մէկ Բաժինը  Փլած Է Երկրաշարժի Պատճառով

Չինական Մեծ Պատին Մէկ Բաժինը Փլած Է Երկրաշարժի Պատճառով

Չինական մեծ պատին 2 մեթրնոց մէկ բաժինը փլած է 6,9 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժի պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: 8 յունուարին, Ցինհայ նահանգի շրջաններէն մէկուն մէջ արձանագրուած է ուժեղ երկրաշարժ մը, որմէ ետք իշխանութիւնները մշակութային ժառանգութեան կոթողներու ստուգումներ կատարած են երկրաբանական շարժումներու պատճառով վնասուած շրջանին մէջ: Մասնագէտները պատի փլուզումը յայտնաբերած են հարեւան Կանսու նահանգին մէջ: Փլուզումը տեղի ունեցած...

Թուրքիան Յունաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ  Չընդլայնելու Եգէական Ծովուն Մէջ  Իր Տարածքային Ջուրերը

Թուրքիան Յունաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ Չընդլայնելու Եգէական Ծովուն Մէջ Իր Տարածքային Ջուրերը

Թուրքիան Յունաստանին կոչ ուղղած է 6-էն մինչեւ 12 ծովային մղոն չընդլայնելու Եգէական ծովուն մէջ իր տարածքային ջուրերը եւ միեւնոյն ժամանակ բոլոր տարակարծութիւնները խաղաղ երկխօսութեան միջոցով լուծելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Հիւրրիեթ»-ը: «Յոյսով եմ, որ անոնք պիտի չսխալին եւ իրենց տարածքային ջուրերը մինչեւ 12 մղոն ընդլայնելու ընթացքին պիտի մտածեն: Ասիկա սխալ հաշուարկ է», ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար: Թերթը...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի  Օգնականը Յայտնած Է Ուաշինկթընի` Հայ-Ազրպէյճանական  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման  Նպաստելու Պատրաստակամութիւնը

Պայրամով Տոնֆրիտի Հետ Քննարկած Է Շրջանային Անվտանգութեան Վերաբերող Կացութիւնը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ: Կողմերը միտքեր փոխանակած են շրջանային անվտանգութեան կացութեան վերաբերեալ: Պայրամով խօսած է շրջանին մէջ վերջին իրադարձութիւններուն, ներառեալ Արցախի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման ուղղութեամբ Ազրպէյճանի քայլերուն մասին:  

«ՀԱՊԿ-ի Խաղաղապահները Ղազախստանի Մէջ  Պիտի Մնան Մինչեւ Այդ Երկրին Մէջ Կացութեան  Լիակատար Կայունացումը»  Կ՛ըսէ Շոյկու

«ՀԱՊԿ-ի Խաղաղապահները Ղազախստանի Մէջ Պիտի Մնան Մինչեւ Այդ Երկրին Մէջ Կացութեան Լիակատար Կայունացումը» Կ՛ըսէ Շոյկու

ՀԱՊԿ-ի հաւաքական խաղաղապահ ուժերը Ղազախստանի մէջ իրենց առաքելութիւնը պիտի աւարտեն այդ երկրին մէջ կացութեան լիակատար կայունացումէն ետք: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու: «Հաւաքական խաղաղապահ ուժերու կողմէ առաջադրանքներու կատարումը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ Ղազախստանի մէջ կացութիւնը ամբողջովին կարգաւորուի, բնականաբար, երկրին իշխանութիւններուն որոշումով», ըսած է Շոյկու` երէկ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին: Նախարարին համաձայն,...

«Երբ Ռուսերը Կու Գան, Դժուարութեամբ  Կը Հեռանան»  Կ՛ըսէ Պորել

«Երբ Ռուսերը Կու Գան, Դժուարութեամբ Կը Հեռանան» Կ՛ըսէ Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել մտավախութիւն յայտնած է, որ Ղազախստան ուղարկուած ռուս զինուորները կրնան այդ երկրին մէջ մնալ: «Փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ երբ ռուսերը կու գան, անոնք դժուարութեամբ կը հեռանան», «Պի.Պի.Սի. Ռատիօ 4»-ին ըսած է Պորել: Նախապէս նոյնպիսի տեսակէտ յայտնած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: Ան ըսած էր, որ չի հասկնար, թէ...

«Չինաստանը, Ի Տարբերութիւն Ռուսիոյ, 21-րդ Դարուն Միացեալ Նահանգներու Աշխարհաքաղաքական Գլխաւոր Մարտահրաւէրն Է»  Կ՛ըսէ Փրայս

«Ռուսիան Տարիներէ Ի Վեր Շարունակ Կը Միջամտէ, Կը Բռնագրաւէ Եւ Տագնապներ Կը Հրահրէ Դրացիներու Եւ Այլոց Դէմ» Կ՛ըսէ Փրայս

Երկար տարիներէ ի վեր Ռուսիան կը ներխուժէ, կը բռնագրաւէ, տագնապներ կը հրահրէ դրացիներու եւ այլոց դէմ, ցուցակը երկար է` Ուքրանիա, Վրաստան, Մոլտովա, ասոնք միայն մէկ քանին են: Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս` խօսելով Ուքրանիոյ սահմանին մօտ ռուսական զօրքերու կուտակման մասին: «Այժմ, երբ մենք կը խօսինք, ռուսական ուժերը եւ այն ուժերը, որոնց...

Խօսելով Ռուս-Ամերիկեան  Բանակցութիւններուն Մասին`  «Ամերիկացիները Ստիպուած Եղան Լսել»  Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

Խօսելով Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններուն Մասին` «Ամերիկացիները Ստիպուած Եղան Լսել» Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի փոխնախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւի կարծիքով` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ խորհրդակցութիւնները առաջին անգամ ըլլալով անցած են «հաւասարէ հաւասար» սկզբունքով, ամերիկացիները ստիպուած եղած են լսել: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արմենիա»-ն: «Ատիկա երկխօսութիւն էր, ոչ թէ երկու մենախօսութիւն: Եւ «յետպատերազմեան» երեք տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ Ռուսիան բանակցային ձեւաչափով շատ առարկայականօրէն ամերիկացիներուն ներկայացուց թէ՛ իր քննադատական մտահոգութիւնները, թէ՛...

Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահ  Սասոլի Մահացած Է

Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահ Սասոլի Մահացած Է

Երէկ Իտալիոյ մէջ 65 տարեկանին մահացած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Տաւիտ Սասոլին: «Արմէնփրես», յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնած է անոր մամլոյ քարտուղար Ռոպերթօ Քուիլիոն: Ըստ անոր, Սասոլին մահացած է Իտալիոյ Աւիանօ քաղաքին մէջ, ուր հիւանդանոցի մէջ դարմանումի կ՛ենթարկուէր: Սասոլի մէկ օր առաջ հիւանդանոց փոխադրուած էր դիմադրողականութեան համակարգի աշխատանքի խախտումներու առնչուած ծանր բարդութիւններու...

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւն. «Վարկածային Են Միացեալ Նահանգներու Յայտարարութիւնները` «Քորոնա»-ի Չինական Ծագման Մասին»

Ըստ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան. Եւրոպայի Բնակչութեան Կէսէն Աւելին Յառաջիկայ 6-8 Շաբթուան Ընթացքին «Օմիքրոն»-ով Պիտի Վարակուի

Եւրոպայի բնակչութեան կէսէն աւելին յառաջիկայ 6-8 շաբաթներուն ընթացքին կրնայ վարակուիլ «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակով: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտնած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւրոպական գրասենեակի տնօրէն Հանս Քլիւկըն: Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը բացատրած է, որ 2022 թուականի առաջին իսկ շաբթուան ընթացքին Եւրոպայի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերուն թիւը 7 միլիոնով աւելցած է: Մեկնելով այդ իրողութենէն` Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ այն...

«Վրաստանի Բոլոր Քաղաքներուն Եւ Շրջաններուն Մէջ  Զանգուածային Բողոքի Ցոյցեր Պէտք Է Սկսին»  Կ՛ըսէ Վրացական Ընդդիմութեան Ղեկավարը

«Վրաստանի Բոլոր Քաղաքներուն Եւ Շրջաններուն Մէջ Զանգուածային Բողոքի Ցոյցեր Պէտք Է Սկսին» Կ՛ըսէ Վրացական Ընդդիմութեան Ղեկավարը

Վրաստանի բոլոր քաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ զանգուածային, ժողովրդական բողոքի ցոյցեր պէտք է սկսին: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է վրացական գլխաւոր ընդդիմադիր Միացեալ ազգային շարժումի ղեկավարներէն Լեւան Խապէիշվիլի: Անոր համաձայն, երկրին մէջ սղաճին լոյսին տակ, կարեւոր կը դառնայ համաժողովրդային բողոքը: «Երբ մայրաքաղաքին մէջ սղած են ծառայութիւններու վճարումները, ելեկտրականութիւնը, կազը, վառելանիւթը, հասարակական փոխադրամիջոցը, սղած են առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներն ու...

Ռուսիոյ Կողմէ Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի  Ճանաչման Օրինագիծ Պատրաստուած Է

Ռուսիոյ Կողմէ Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Ճանաչման Օրինագիծ Պատրաստուած Է

Ռուսիոյ Տումայի երեսփոխան Քազպեք Թայիսայեւի համաձայն, Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութիւնը արդէն պատրաստած է Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութեան ճանաչման մասին որոշումի նախագիծ մը: Փաստաթուղթին վրայ աշխատանքը կատարուած է Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ օրինակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Մոսքովսքիյ Քոմսոմոլեց»-ը: Խորհրդարանականը վստահութիւն յայտնած է, որ օրինագիծը պիտի քննարկուի, որովհետեւ Արեւմուտքը եւ «Քիեւի ֆաշական վարչակարգը» կը ծրագրեն Տոնպասի տարածքին մէջ պատերազմը ձգձգել: «Մինսքի համաձայնագիրները...

Ժընեւի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան  Բանակցութիւններ.  Ուաշինկթըն Մերժեց ՕԹԱՆ-ը Դէպի Արեւելք  Չընդարձակելու Ռուսիոյ Պահանջը Եւ Մօտ Օրէն  Այլ Ժողովներու Գումարումը Առաջարկեց

Ժընեւի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններ. Ուաշինկթըն Մերժեց ՕԹԱՆ-ը Դէպի Արեւելք Չընդարձակելու Ռուսիոյ Պահանջը Եւ Մօտ Օրէն Այլ Ժողովներու Գումարումը Առաջարկեց

Երէկ Ժընեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ տեղի ունեցան ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները: 7 ժամ տեւած բանակցութիւններու աւարտին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները դժուար էին, սակայն արհեստավարժ ու խորքային: Ամերիկեան կողմը լրջութեամբ մօտեցաւ ռուսական առաջարկներուն եւ զանոնք լուծելու դիմեց: Ամերիկացիներուն յստակացուցինք այն պատճառները, որոնք մեզ մղեցին անվտանգութեան երաշխիքներ պահանջելու: Ամերիկացիներուն յայտնեցինք ՕԹԱՆ-ի ընդլայնումին շուրջ մեր մտավախութիւնները յառաջացնող դրդապատճառները»: «Ամերիկացիներուն...

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բանակցութիւններու  5-րդ Փուլին Կը Պատրաստուինք Եւ Անոր Հետ  Լաւ Յարաբերութիւններու Հաստատման Կը Ձգտինք»  Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բանակցութիւններու 5-րդ Փուլին Կը Պատրաստուինք Եւ Անոր Հետ Լաւ Յարաբերութիւններու Հաստատման Կը Ձգտինք» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ երէկ յայտարարեց, որ Պաղտատ պիտի հիւրընկալէ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ բանակցութիւններուն յաջորդ փուլը: «Հակառակ վիճելի պարագաներու, ջանքով եւ անկեղծութեամբ յարատեւ յարաբերութիւններն ու բանակցութիւնները շարունակուած են», ըսաւ Խաթիպզատէ: «Սէուտական Արաբիոյ հետ բանակցութիւններու 5-րդ փուլին կը պատրաստուինք եւ անոր հետ լաւ յարաբերութիւններու հաստատման կը ձգտինք», ըսաւ ան: «Արաբական դաշինքին կոչ կ՛ուղղենք հրաժարելու սխալ ուղիէն եւ...

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան  Նախարարները Քննարկած Են  Համագործակցութեան Հարցեր

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Համագործակցութեան Հարցեր

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներ Հուլուսի Աքար եւ Զաքիր Հասանով երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան: Ըստ հաղորդագրութեան, զրոյցի ընթացքին Հասանով ցաւակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ սահմանին մօտ երեք թուրք զինուորներու սպանութեան համար: Անոնք նաեւ կարծիքներ փոխանակած են զինուորական պատրաստութեան ոլորտին մէջ համագործակցելու նիւթին շուրջ:

«Թրքական Պետութիւններու  Կազմակերպութիւնը  Պիտի Աջակցի Ղազախստանին»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Թրքական Պետութիւններու Կազմակերպութիւնը Պիտի Աջակցի Ղազախստանին» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թրքական պետութիւններու կազմակերպութիւնը պիտի աջակցի Ղազախստանին: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Վաղը կայանալիք նիստին ընթացքին մենք պիտի ծանօթանանք կացութեան եւ անհրաժեշտ աջակցութիւնը պիտի ցուցաբերենք», յայտարարած է Չաւուշօղլու: Ան նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ ուշադիր կը հետեւին Ղազախստանի մէջ տիրող կացութեան: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Թրքական պետութիւններու...

Ղազախստանի Բոլոր Շրջաններուն Մէջ  Կացութիւնը Կայունացած Է.  Ձերբակալուածներուն Թիւը Աւելի Քան 5800 Է

Ղազախստանի Բոլոր Շրջաններուն Մէջ Կացութիւնը Կայունացած Է. Ձերբակալուածներուն Թիւը Աւելի Քան 5800 Է

Ղազախստանի իրաւապահ մարմինները երկրին մէջ անկարգութիւններու ընթացքին ձերբակալած են 5800 անձեր, որոնց շարքին` բազմաթիւ օտարերկրացիներ: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է հանրապետութեան նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւի մամլոյ ծառայութիւնը` ամփոփելով գործողութիւններու գրասենեակի նիստին արդիւնքները: «Ներկայիս 125 քրէական գործ յարուցուած է, ոստիկանութեան մարմիններ տեղափոխուած են 5,8 հազար անձեր, որոնց շարքին զգալի թիւով օտարերկրացիներ կան», նշուած է հաղորդագրութեան...

Ռուսիա – ՕԹԱՆ Խորհուրդի Նիստը  Տեղի Պիտի Ունենայ 12 Յունուարին

Ռուսիա – ՕԹԱՆ Խորհուրդի Նիստը Տեղի Պիտի Ունենայ 12 Յունուարին

Flags of Alliance members flap in the wind outside NATO headquarters in Brussels, Friday, Feb. 28, 2020. Ambassadors from the NATO military alliance are holding emergency talks Friday after Turkey requested a meeting with its partners following the killing of 29 Turkish soldiers in northeast Syria. (AP Photo/Olivier Matthys)   ՕԹԱՆ-ի մէջ հաստատած են 12 յունուարին Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի նիստի գումարումը:...

Պաղտատի Օդակայանին Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանին Վրայ Յարձակում Մը Ձախողութեան Մատնուեցաւ

Պաղտատի Օդակայանին Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանին Վրայ Յարձակում Մը Ձախողութեան Մատնուեցաւ

Ապահովական աղբիւր մը իրաքեան «Սումարիա Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ օդային պաշտպանութեան «Սիրամ» համակարգը յաջողած է վար առնել անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք կը փորձէին յարձակում գործել Պաղտատի միջազգային օդակայանին մէջ գտնուող ամերիկեան «Վիքթորիա» ռազմակայանին վրայ: «Սիրամ» համակարգը նաեւ յաջողած է երկու անօդաչու թռչող սարքեր հեռացնել ռազմակայանին մօտէն: Յարձակումի փորձին պատճառով մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

Ռուսիան, Չինաստանը, Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգներն Ու Ֆրանսան Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

Ռուսիան, Չինաստանը, Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգներն Ու Ֆրանսան Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիան, Չինաստանը, Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան հիւլէական պատերազմը եւ զինարշաւը արգիլելու վերաբերեալ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած են: Նշեալ երկիրները հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնեն, որ «իրենց հիմնական պարտաւորութիւնն է հիւլէական զէնքերու տէր երկիրներուն միջեւ պատերազմը արգիլելն ու ռազմավարական վտանգները նուազեցնելը»: Հիւլէական զէնքերու տէր հինգ երկիրները կը նշեն, որ իրենց հիւլէական զէնքերը իրարու դէմ կամ որեւէ այլ երկրի...

Page 291 of 883 1 … 290 291 292 … 883

Արխիւներ