Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալեքսանտր Ֆոմին. «ՕԹԱՆ-ը Ռուսիոյ Հետ Լայնածաւալ Զինեալ Տագնապի Կը Պատրաստուի»

December 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ը համակարգուած կերպով չի կատարեր Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի աշխատանքի սկիզբը նշանաւորած 2002 թուականին Հռոմի հռչակագիրի ստորագրումէն ետք իր ստանձնած պարտաւորութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Քոմերսանթ»-ը` վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմինի յայտարարութիւնները:

Անոր կարծիքով` Հիւսիսատլանտեան դաշինքը կը պատրաստուի Ռուսիոյ հետ լայնածաւալ զինեալ տագնապի: Ասիկա Ռուսիան կը ստիպէ կարծր կերպով բարձրացնելու սեփական անվտանգութեան երաշխիքներու հարցը:

«Դաշինքի զինուորական շինարարութիւնը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է Ռուսիոյ հետ լայնածաւալ բարձր աշխուժութեան զինեալ տագնապի նախապատրաստման վրայ», ըսած է Ալեքսանտր Ֆոմին` Մոսկուայի մէջ հաւատարմագրուած զինուորական կցորդներու եւ օտարերկրեայ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներու համար մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ան նշած է, որ ՕԹԱՆ-ի 2019 թուականի զինուորական ռազմավարութեան մէջ Ռուսիան ուղղակիօրէն «կը մատնանշուի իբրեւ դաշինքի անվտանգութեան սպառնացող հիմնական աղբիւր»:

«Հակառակ Եւրոպայի մէջ հակահրթիռային ծածկոյթի միացեալ ապահովման վերաբերեալ դաշինքին մեր ուղարկած առաջարկներուն, Միացեալ Նահանգները սկսան տեղակայել հակահրթիռային պաշտպանութեան համալիրներ Լեհաստանի եւ Ռումանիոյ մէջ: Դաշինքը հրաժարած է իրաւական պարտադիր երաշխիքներ տալ այն հարցով, որ այդ համակարգերը ուղղուած պիտի չըլլան Ռուսիոյ դէմ», ըսած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 23 դեկտեմբերին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած էր, որ Մոսկուայի հետագայ քայլերը կախեալ պիտի ըլլան ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու հետ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ բանակցութիւններու ընթացքէն, այլ «այսօր եւ պատմական հեռանկարի համար» Ռուսիոյ անվտանգութեան անվերապահ ապահովումէն:

Փութինի համաձայն, այդ առնչութեամբ ռուսական կողմը «յստակօրէն» հասկցուցած է, որ «ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք հետագայ տեղաշարժը անընդունելի է»: Փութին ընդգծած է, որ Ռուսիան չէ, որ հրթիռներ կը տեղակայէ Միացեալ Նահանգներու սահմաններուն մօտ:

«Ամերիկան է, որ իր հրթիռներով եկած է մեր տուն, անոնք մեր տան շեմին են», ըսած է Փութին` հարց տալով, որ ամերիկացիները ինչպէ՞ս պիտի արձագանգեն, եթէ Ռուսիան իր հրթիռները տեղակայէ Մեքսիքայի կամ Քանատայի հետ Միացեալ Նահանգներու սահմանին վրայ:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 17 դեկտեմբերին շրջանառութեան մէջ դրած էր Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի կողմէ իրաւական անվտանգութեան երաշխիքներու տրամադրման վերաբերեալ ռուսական երկու փաստաթուղթերու նախագիծ:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Մեր Հողերուն Մէկ Մասը Բռնագրաւած Է, Թրքացման Քաղաքականութիւն Կը Վարէ Եւ Սուրիոյ Քանդումին Մէջ Շահ Ունի» Կ՛ըսէ Մըքտատ

Յաջորդը

10 Յունուարին Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններ` Հիւլէական Զէնքերու Եւ Ուքրանիոյ Հարցերուն Շուրջ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.