Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պայտըն Զելենսքիին Վստահեցուց, Որ Ամերիկան Վճռական Կերպով Պիտի Միջամտէ, Եթէ Ռուսիան Ուքրանիա Ներխուժէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

January 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր ուքրանացի պաշտօնակից Վոլոտիմիր Զելենսքիին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ վճռական կերպով պիտի միջամտեն, եթէ Ռուսիան Ուքրանիա ներխուժէ»:

Փսաքի իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ աւելցուց. «Պայտըն նաեւ Զելենսքիին ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին ուքրանական տագնապի դիւանագիտական ջանքերու ճամբով լուծման, ներառեալ 9 եւ 10 յունուարին Ժընեւի մէջ նախատեսուած ռուս-ամերիկեան բարձր մակարդակի բանակցութիւններու ճամբով»:

«Պայտըն յստակօրէն ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցներն ու գործընկերները վճռական կերպով պիտի հակադարձեն, եթէ Ռուսիան Ուքրանիա ներխուժէ»:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր կարգին ընկերային ցանցերու ճամբով «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ուքրանիոյ հաստատ աջակցութիւնը» յայտարարեց:

Ան նշեց, որ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ քննարկած է «Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ գործընկերներու միջեւ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան պահպանման եւ յաւելեալ մագլցումի կանխարգիլման համար որդեգրուած միացեալ քայլերը»:

Նշենք, որ Ուքրանիոյ նախագահը իր նոր տարուան ուղերձին մէջ երկրի բնակիչներուն խոստացած է, որ 2022 թուականին Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու զինուորները պիտի կարենան Խրիմի եւ Տոնպասի մէջ լուսանկարուիլ:

Ան յայտնած է, որ այս տարի Քիեւ բնակարաններ պիտի տրամադրէ երկրի արեւելեան շրջաններուն մէջ զինուորական գործողութեան բոլոր մասնակիցներուն: Անոր համաձայն, ատկէ ետք պատերազմի վեթերանները պիտի կարենան իրենց տուներուն մէջ կախել «լուսանկար եղբայրներու հետ, որոնց հետ իրենք պաշտպանած են իրենց հողը»:

«Իսկ ատկէ ետք մեր բոլոր զինուորականներն են: Կը կարծեմ, որ ատիկա պիտի ըլլայ լուսանկար խաղաղ Տոներցքէն, Լուկանսքէնեն եւ Խրիմէն», եզրափակած է Զելենսքի:

Նախորդը

Էրտողան. «Փետրուարին Սէուտական Արաբիա Պիտի Այցելեմ»

Յաջորդը

Ռուսիան, Չինաստանը, Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգներն Ու Ֆրանսան Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.