Երէկ Ժընեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ տեղի ունեցան ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները: 7 ժամ տեւած բանակցութիւններու աւարտին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները դժուար էին, սակայն արհեստավարժ ու խորքային: Ամերիկեան կողմը լրջութեամբ մօտեցաւ ռուսական առաջարկներուն եւ զանոնք լուծելու դիմեց: Ամերիկացիներուն յստակացուցինք այն պատճառները, որոնք մեզ մղեցին անվտանգութեան երաշխիքներ պահանջելու: Ամերիկացիներուն յայտնեցինք ՕԹԱՆ-ի ընդլայնումին շուրջ մեր մտավախութիւնները յառաջացնող դրդապատճառները»:
«Ամերիկացիներուն յայտնեցինք, որ Ուքրանիա ներխուժելու ծրագիրներ չունինք, եւ մեր ուժերուն պատրաստ վիճակի բարձրացումը մեր հողերուն վրայ տեղի կ՛ունենայ», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Ամերիկացիներուն հետ քննարկեցինք զինարշաւին վերջ տալու եւ լարուածութիւնները մեղմացնելու կարեւորութիւնը»:
«Ամերիկացիներուն յայտնեցինք, որ Ուքրանիոյ մէջ կացութեան մագլցումէն վախնալու կարիք չկայ», շեշտեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Ռուսիոյ սուղ գինի վճարումով սպառնալը օգուտ պիտի չունենայ եւ շանթաժի լեզուն ալ օգուտ պիտի չունենայ»:
«Անակնկալ չէր, որ Ուաշինկթըն մերժեց մեր կարգ մը պահանջները, ինչպէս` Պուքրէշի վեհաժողովի խոստումներէն ետդարձ կատարելը», նշեց նախարարութիւնը` յայտարարելով. «Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններու ձախողութեան որեւէ ռուսական պատասխան զինուորական թեքնիք բնոյթ պիտի ունենայ»:
Բանակցութիւններուն մէջ ամերիկեան պատուիրակութեան ղեկավար` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուենտի Շըրմըն յայտնեց. «Ռուսական պատուիրակութեան հետ Ուքրանիոյ շուրջ անկեղծ եւ յստակ բանակցութիւններ ունեցայ»` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ մօտ օրէն Ռուսիոյ հետ այլ ժողովներու գումարումը առաջարկեց»:
Բանակցութիւններու աւարտին ան ըսաւ. «Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա համաձայնեցան, որ հիւլէական պատերազմի մը մէջ կարելի չէ յաղթանակ արձանագրել եւ զայն երբեք պէտք չէ մղել»:
«Ուաշինկթըն պատրաստ է ապագային հրթիռային կարգ մը համակարգեր քննարկելու` ըստ ներկայ համաձայնագիրներուն», նշեց Շըրմըն` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ «որեւէ կողմի պիտի չարտօնեն ՕԹԱՆ-ի բաց դռներու քաղաքականութիւնը փոխել»:
«Եթէ Ռուսիան հեռանայ ներկայ առաքելութենէն, ապա ատիկա դիւանագիտութեան նկատմամբ լուրջ չըլլալը պիտի բացայայտէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ռուսերը մեզի յայտնեցին, որ մտադիր չեն Ուքրանիա ներխուժել, եւ ուժերու կուտակումները ռազմափորձեր էին»: Ան Մոսկուային կոչ ուղղեց «իր բարի մտադրութիւնները փաստելու` իր ուժերը հեռացնելով ուքրանական սահմանէն: Ուքրանիա ներխուժելու պարագային Մոսկուայի վճարելիք գինը ելեւմտական պատժամիջոցներ եւ անոր արտածումները թիրախաւորող պատժամիջոցներ պիտի ըլլան»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց. «Ամերիկայի համար դիւրին չէ Մոսկուայի հետ երկկողմանի ձեւով երկխօսութիւն կատարել, որովհետեւ ՕԹԱՆ-եան անոր կարգ մը գործընկերներուն Ռուսիոյ նկատմամբ թշնամական զգացումները կը խոչընդոտեն զայն»:
Ռիապքով Ժընեւի մէջ կիրակի երեկոյեան ռուս-ամերիկեան «նախնական» բանակցութիւններէն ու երէկուան հիմնական բանակցութիւններէն առաջ յայտարարեց. «Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի ներկայացուցիչներուն միջեւ նախնական ժողովի արդիւնքները հոյակապ են, եւ հակառակ բանակցութիւններու դժուարութեան, նաեւ գործնական էին, եւ անոնց ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկայ բանակցութիւններու խորքին»:
Ռիապքով նաեւ յայտարարեց. «Անոնք (ամերիկացիները, «Ա.») կ՛ուզեն Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի գործունէութիւնը վերականգնել, սակայն իրենց պայմաններով` այնպիսի օրակարգով, որ յարմար է իրենց` շեշտը դնելով այսպէս կոչուած «Ուքրանիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման», այսպէս կոչուած «ռուսական յարձակումին» վրայ: Ատիկա մեզի համար անընդունելի է»:
«Խօսակցութիւնը կարելի չէ արդիւնաւէտօրէն կառուցել` հիմնուելով միայն սեփական տեսակէտի վրայ, պէտք է կարենալ միւս երկրի տեսակէտը ընդունիլ: Մենք միւս երկրի տեսակէտը, ինչպէս որ է, ընդունած ենք 30 տարի շարունակ: Այժմ միւս կողմէն պէտք է ճկունութիւն դրսեւորեն», ըսաւ Ռիապքով:
«Եթէ անոնք ի վիճակի չեն ատիկա ընել, կը նշանակէ, թէ կացութեան վատթարացման պիտի բախին իրենց սեփական անվտանգութեան ոլորտին մէջ», աւելցուց ան:
Միջնախարարական պատուիրակութեան կազմի մէջ են Ռուսիոյ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ: Ռուսական դիւանագիտական ծառայութեան կողմէ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: Ամերիկեան դիւանագիտութիւնը կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուինտի Շըրմըն:
Բանակցութիւններու հիմնական օրը նախատեսուած էր երկուշաբթի, 10 յունուարը: Սակայն, ինչպէս կը սպասուէր, կողմերը կիրակի երեկոյեան կատարեցին հանդիպումի «նախնական» մասը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն կիրակի օր յայտնեց. «Մենք Ռուսիոյ հետ յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած բանակցութիւններուն մէջ շօշափելի յառաջդիմութեան արձանագրում չենք նախատեսեր»: Ան նաեւ նշեց. «Մենք բազմիցս յստակ դարձուցինք, որ պիտի շարունակենք Ուքրանիոյ պաշտպանական օժանդակութիւններ տրամադրել»:
«Մեր դիմաց երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան ուղի կայ` լուծելու համար Ռուսիոյ հետ մեր դիմագրաւած կարգ մը տարակարծութիւնները», յայտնեց Պլինքըն` աւելցնելով. «Ռուսիան ծանր հետեւանքներ պիտի կրէ, եթէ դարձեալ Ուքրանիոյ վրայ յարձակում գործէ»:
«Դժուար է բանակցութիւններուն մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրել, երբ Ռուսիան իր զէնքը Ուքրանիոյ կ՛ուղղէ», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը: