Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բանակցութիւններու 5-րդ Փուլին Կը Պատրաստուինք Եւ Անոր Հետ Լաւ Յարաբերութիւններու Հաստատման Կը Ձգտինք» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

January 11, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ երէկ յայտարարեց, որ Պաղտատ պիտի հիւրընկալէ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ բանակցութիւններուն յաջորդ փուլը:

«Հակառակ վիճելի պարագաներու, ջանքով եւ անկեղծութեամբ յարատեւ յարաբերութիւններն ու բանակցութիւնները շարունակուած են», ըսաւ Խաթիպզատէ:

«Սէուտական Արաբիոյ հետ բանակցութիւններու 5-րդ փուլին կը պատրաստուինք եւ անոր հետ լաւ յարաբերութիւններու հաստատման կը ձգտինք», ըսաւ ան:

«Արաբական դաշինքին կոչ կ՛ուղղենք հրաժարելու սխալ ուղիէն եւ կոչ կ՛ուղղենք նաեւ եմէնեան երկխօսութեան ճամբով վերջ տալու տագնապին», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու միջամտութիւններուն` Խաթիպզատէ ըսաւ. «Բոլորը պէտք է յարգեն երկրին գերիշխանութիւնը` միեւնոյն ժամանակ նկատի ունենալով բոլոր յարանուանութիւններուն շահերը»:

Ան նաեւ ըսաւ, որ Իրան ջանք կը թափէ լիբանանեան տարբեր կողմերուն միջեւ մօտիկ յարաբերութիւններ յառաջացնելու:

Անդրադառնալով Թալեպաններու վարչակարգի արտաքին գործոց նախարարին գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան մը Թեհրան այցելութեան` Խաթիպզատէ յայտնեց. «Աֆղանիստանի ներկայ կացութիւնը Իրանի համար մտահոգութեան աղբիւր է, եւ աֆղանական պատուիրակութեան այցելութիւնը այդ մտահոգութիւններու փարատման ծիրին մէջ է»:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Համագործակցութեան Հարցեր

Յաջորդը

Ժընեւի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններ. Ուաշինկթըն Մերժեց ՕԹԱՆ-ը Դէպի Արեւելք Չընդարձակելու Ռուսիոյ Պահանջը Եւ Մօտ Օրէն Այլ Ժողովներու Գումարումը Առաջարկեց

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.