Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Յունաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ Չընդլայնելու Եգէական Ծովուն Մէջ Իր Տարածքային Ջուրերը

January 13, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան Յունաստանին կոչ ուղղած է 6-էն մինչեւ 12 ծովային մղոն չընդլայնելու Եգէական ծովուն մէջ իր տարածքային ջուրերը եւ միեւնոյն ժամանակ բոլոր տարակարծութիւնները խաղաղ երկխօսութեան միջոցով լուծելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Հիւրրիեթ»-ը:

«Յոյսով եմ, որ անոնք պիտի չսխալին եւ իրենց տարածքային ջուրերը մինչեւ 12 մղոն ընդլայնելու ընթացքին պիտի մտածեն: Ասիկա սխալ հաշուարկ է», ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար:

Թերթը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիան եւ Յունաստանը շարք մը չլուծուած խնդիրներ ունին` կապուած Եգէական ծովուն, ներառեալ Յունաստանի, ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան համաձայն, իր տարածքային ջուրերը ներկայ 6-էն մինչեւ 12 մղոն ընդլայնելու իրաւունքի հարցը: Թուրքիոյ խորհրդարանը 1995-ին յայտարարեց, որ Յունաստանի տարածքային ջուրերուն վերաբերեալ միակողմանի քայլը պատերազմի սկսելու համար պատրուակ պիտի ստեղծէ:

«Անոնք պէտք չէ մեզ փորձեն», ըսած է Աքար` ընդգծելով, որ Յունաստանը աւելի լաւ է բաւարարուի գոյութիւն ունեցող 6 մղոն տարածքային ջուրերով: Նախարարը ընդգծած է, որ եթէ Յունաստանը Եգէական ծովուն մէջ 12 մղոն տարածութեամբ ընդլայնուի, ապա Թուրքիան, առանց Յունաստանի կառավարութեան համաձայնութեան, միջազգային ջուրեր մուտք գործելու կարելիութիւն պիտի չունենայ:

«Ասիկա անարդար է եւ կը հակասէ օրէնքին», աւելցուցած է Աքար` նշելով, որ ատիկա նաեւ «ազգային անվտանգութեան խնդիր է»:

Ըստ Աքարի, թէեւ Յունաստանը իր հիմնադրութենէն ի վեր աւելի քան չորս անգամ ընդլայնած է իր տարածքը, ան տակաւին Թուրքիան կը մեղադրէ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան համար:

«Եգէական ծովուն մէջ սթաթիւս քօ է. դուք 6 մղոն տարածքային ջուրեր ունիք, ատոր համար շնորհակալ եղէք: Երկու կողմերն ալ պէտք է օգտուին հարստութենէն եւ ապրին խաղաղութեան մէջ», ընդգծած է նախարարը:

 

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. «Երկխօսութիւնը Կը Նկատենք Միակ Միջոցը` Երկրին Մնացորդացը Փրկելու» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Չինական Մեծ Պատին Մէկ Բաժինը Փլած Է Երկրաշարժի Պատճառով

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.