Միջազգային

«ՀԱՊԿ-ի Մէջ Աշխուժօրէն Կը Քննարկուի  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղապահութեան Հարցը»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Վստահ Է, Որ Ղազախստանի Մէջ Կացութեան Նոր Սրումը Անկարելի Է

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի կարծիքով` Ղազախստանի մէջ անկարգութիւններու նոր սրում դժուար թէ կարելի ըլլայ: «Ես չէի խօսեր որեւէ վրէժի կամ նոր սրումի մասին, գրեթէ համոզուած եմ, որ ատիկա անկարելի է, որովհետեւ նախ` կացութիւնը վերահսկողութեան տակ է: Երկրորդ` հիմա մեծ աշխատանք կը տարուի ամբողջ պատկերի, բոլոր մասնակիցներու յստակացման ուղղութեամբ: Ըստ այնմ, քայլերու պիտի ձեռնարկուին Ղազախստանի Հանրապետութեան...

Փութին Այս Շաբաթ Իրանի Նախագահին Հետ Պիտի Բանակցի

Փութին Այս Շաբաթ Իրանի Նախագահին Հետ Պիտի Բանակցի

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այս շաբաթ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ պիտի վարէ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանին: Բացի ատկէ, կը նախատեսուի, որ Ռուսիոյ նախագահը պիտի գումարէ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, պիտի կատարէ անձնական հանդիպումներ եւ միջազգային հեռաձայնային բանակցութիւններ: Կը նշուի, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահները հեռաձայնային հաղորդակցութիւն...

Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարները Միասնաբար Պիտի Այցելեն Տոնպասի Շփման Գիծ

Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարները Միասնաբար Պիտի Այցելեն Տոնպասի Շփման Գիծ

Գերմանիան ու Ֆրանսան Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ միջնորդութեան նոր փորձի կը ձեռնարկեն: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, «Տէօչէ Վելէ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան Իվ Լը Տրիան մտադիր են մօտ օրէն այցելել Տոնպասի շփման գիծ: Այցելութեան յստակ ժամկէտներ տակաւին չկան, սակայն կը նշուի, որ կարելի է այցելութիւնը կատարել փետրուարէն ոչ ուշ: «Տիկին Պերպոքը սկիզբը...

ԵԱՀԿ-ի Նախագահը Առաջնահերթ Նկատած Է Ձգձգուած Տագնապներու Խաղաղ Լուծման Որոնումները

ԵԱՀԿ-ի Նախագահը Առաջնահերթ Նկատած Է Ձգձգուած Տագնապներու Խաղաղ Լուծման Որոնումները

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաու անհրաժեշտ կը նկատէ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ անվտանգային կացութեան բարելաւման` մասնաւորաբար նպաստելով շրջանային ու ձգձգուած տագնապներու խաղաղ լուծման փնտռտուքներուն: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին Ռաու խօսած է 2022 թուականին ԵԱՀԿ-ի մէջ Լեհաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները ներկայացնելու ժամանակ: «Ժամանակն է մեր ուշադրութեան կեդրոնը դարձնել մարդասիրական նկատառումները: Ամէն ձգձգուած տագնապի ետին կան մարդիկ,...

Պլինքըն. «Մեր Առջեւ Հիւլէական Համաձայնագիրը  Փրկելու Քանի Մը Շաբաթ Կայ, Որմէ Ետք  Այլ Ընտրանքներու Պիտի Դիմենք»

Պլինքըն. «Մեր Առջեւ Հիւլէական Համաձայնագիրը Փրկելու Քանի Մը Շաբաթ Կայ, Որմէ Ետք Այլ Ընտրանքներու Պիտի Դիմենք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն զգուշացուց, որ իրանեան հիւլէական համաձայնագիրը փրկելու միայն քանի մը շաբաթ մնացած է, եւ իր երկիրը պատրաստ է այլ ընտրանքներու դիմելու, եթէ Վիեննայի մէջ ընթացող բանակցութիւնները ձախողին: Պլինքըն ամերիկեան պետական «Էն.Փի.Առ» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ մեր առջեւ քանի մը շաբաթ կայ տեսնելու, եթէ կրնանք վերադառնալ փոխադարձաբար յարգելու համաձայնութիւնը, որմէ...

Ռուսիան Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ղազախստանի  Վերաբերեալ Չմտածուած Յայտարարութիւններ  Չկատարելու Եւ Պղտոր Ջուրի Մէջ Ձուկ Չորսալու

Ռուսիան Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ղազախստանի Վերաբերեալ Չմտածուած Յայտարարութիւններ Չկատարելու Եւ Պղտոր Ջուրի Մէջ Ձուկ Չորսալու

Մոսկուան կ՛ակնկալէ, որ Թուրքիան ձեռնպահ պիտի մնայ Ղազախստանի վերաբերեալ չմտածուած յայտարարութիւններէն եւ չփորձէ «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ»: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Իհսան Շեների «Ղազախստանի բռնագրաւման մասին» խօսքերը: Զախարովա նշած է, որ մարդիկ, որոնք այդպէս կը մտածեն, չեն յարգեր Ղազախստանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը եւ չեն գիտակցիր այդ պետութեան անկախութեան: «Իհսան...

Փրայս. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք`  Ռուսական Ապակողմնորոշող  Տեղեկութիւններուն Թակարդը Չիյնալու»

Փրայս. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Ռուսական Ապակողմնորոշող Տեղեկութիւններուն Թակարդը Չիյնալու»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնեց, որ ոչ ոք պէտք է անակնկալի մատնուի, եթէ Ռուսիոյ իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններէն ետք հրապարակեն սխալ տեղեկութիւններ յանձնառութիւններու մասին, որոնք չեն ստանձնուած կամ եթէ բան մը ստեղծեն, որպէսզի Ուքրանիոյ մէջ կայունութեան յաւելեալ քայքայման պատրուակ ըլլայ: Փրայս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Մենք բոլորին կոչ կ՛ուղղենք` Մոսկուայի շարունակուող ապատեղեկատուութեան թակարդը չիյնալու»: Ան...

ՀԱՊԿ-ի Խաղաղապահները Սկսած Են Իրենց  Պահպանած Կառոյցները Յանձնել  Ղազախստանի Իրաւապահներուն

ՀԱՊԿ-ի Խաղաղապահները Սկսած Են Իրենց Պահպանած Կառոյցները Յանձնել Ղազախստանի Իրաւապահներուն

ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժերը սկսած են իրենց պահպանած կառոյցներուն հսկողութիւնը յանձնել Ղազախստանի իրաւապահ մարմիններուն: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: «ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ հաւաքական ուժերու հրամանատարութեան եւ Ղազախստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կազմած ծրագիրին համաձայն, սկսած է խաղաղապահներու կողմէ պահպանուող հասարակական նշանակութիւն ունեցող կառոյցներուն երկրի իրաւապահ մարմիններուն յանձնումը», նշուած է նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը...

«Փութինի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու  Հաստատումը Յարաբերութիւններու  Խզումի Համազօր Պիտի Նկատուի»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Փութինի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Հաստատումը Յարաբերութիւններու Խզումի Համազօր Պիտի Նկատուի» Կ՛ըսէ Փեսքով

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը բոլոր սահմանները անցնող վարմունք պիտի ըլլայ»: «Այդ պատժամիջոցները հաստատելու փորձը յարաբերութիւններու խզումի համազօր պիտի նկատուի», շեշտեց Փեսքով: «Մենք մօտ օրէն անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ մեր առաջարկներուն գրաւոր պատասխանի կը սպասենք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գլխաւոր հարցերու շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի, ինչ որ վատ է: Ռուսիոյ...

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղակայուած Ռուս  Խաղաղապահները Շուքի Տակ Առնելը Պիտի Չյաջողի»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղակայուած Ռուս Խաղաղապահները Շուքի Տակ Առնելը Պիտի Չյաջողի» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ անդրադարձած է 10 յունուարին Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ շարք մը սադրանքներու իրագործման, երբ թշնամին կրակ բացած էր Կարմիր Շուկայ, Թաղավարդ եւ Նախիջեւանիկ գիւղերուն ուղղութեամբ: Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրող մը նշած է, որ ազրպէյճանական կողմը այս միջադէպերով կարծես կը փորձէ շուքի տակ առնել Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը: «Եթէ նոյնիսկ ոեւէ մէկը կ՛ուզէ...

«Անվտանգութեան Վերաբերեալ Մեր Առաջարկներուն  Պատշաճ Պատասխանի Մը Կը Սպասենք»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

«Անվտանգութեան Վերաբերեալ Մեր Առաջարկներուն Պատշաճ Պատասխանի Մը Կը Սպասենք» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով, անդրադառնալով Եւրոպայի անվտանգութեան վերաբերեալ ռուսական առաջարկներուն, յայտարարեց. «Կացութիւնը տագնապէն դուրս բերելու մեր առաջարկները ներկայացուցինք: 10 յունուարին Ժընեւի մէջ եւ 12 յունուարին Պրիւքսելի մէջ Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ զանոնք յստակացուցինք: Մենք պատշաճ պատասխանին կը սպասենք, սակայն ոչ ամբոխավարական հաղորդագրութիւններու ձեւով, այլ` լաւապէս հիմնաւորուած գրաւոր առաջարկներու ձեւով»: Ըստ ռուս դիւանագէտին, Միացեալ Նահանգներ անկարող են...

«Հիւլէական Զէնքերը Կը Պահենք Համաշխարհային  Կայունութիւնը Երաշխաւորելու Համար Եւ Ոչ Թէ Կռուելու»  Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

«Հիւլէական Զէնքերը Կը Պահենք Համաշխարհային Կայունութիւնը Երաշխաւորելու Համար Եւ Ոչ Թէ Կռուելու» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտարարած է, որ իր երկիրը «իր հիւլէական զինանոցը կը պահէ ոչ թէ կռուելու եւ պատերազմներու մէջ յաղթանակ արձանագրելու համար, այլ երաշխաւորելու համար կայունութիւնը աշխարհի մը վրայ, ուր ուրիշներ կրնան ուժ կիրարկել կամ առնուազն անոր կիրարկումով եւ մասնաւորաբար հիւլէական հարուած շղթայազերծելով սպառնալ` ականահարելու համար Միացեալ Նահանգներուն, անոր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը»: Այս...

ՕԹԱՆ Ռուսիոյ Հետ Հրթիռներու Սահմանափակման  Շուրջ Բանակցութիւններ Կ՛առաջարկէ, Սակայն  Ուքրանիոյ Անդամակցութեան Անոր Վեթոն Կը Մերժէ

ՕԹԱՆ Ռուսիոյ Հետ Հրթիռներու Սահմանափակման Շուրջ Բանակցութիւններ Կ՛առաջարկէ, Սակայն Ուքրանիոյ Անդամակցութեան Անոր Վեթոն Կը Մերժէ

Երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի նիստը, որուն մէջ Ռուսիոյ միջնախարարական պատուիրակութիւնը ղեկավարեցին արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքոն եւ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմինը: ՕԹԱՆ-ը ներկայացուցին դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկն ու դաշնակից երեսուն երկրի ներկայացուցիչները: Աւելի քան չորս ժամ տեւած հանդիպումը շարունակութիւնն էր 9-10 յունուարին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններուն: Այլ խորհրդակցութիւններ նախատեսուած են ԵԱՀԿ-ի հարթակին վրայ: Նիստի...

«Թրքական Աշխարհը Կապուած Է  Մէկ Մարմինի Գործարաններու Պէս»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Թրքական Աշխարհը Կապուած Է Մէկ Մարմինի Գործարաններու Պէս» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ընդգծած է թրքական երկիրներու միասնութեան անհրաժեշտութիւնը վերջին անկարգութիւններուն ժամանակ Ղազախստանին աջակցելու հարցին մէջ` ընդգծելով, որ Թուրքիան վճռականօրէն կ՛աջակցի այդ երկրին: «Իբրեւ թրքական պետութեանց ընտանիք` մենք այս դժուար պահուն կ՛աջակցինք մեր ղազախ եղբայրներուն եւ համերաշխ ենք անոնց հետ», ըսած է Չաւուշօղլու` խօսք արտասանելով Թրքական կազմակերպութեան անդամ եւ դէտ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու` Ղազախստանի իրադարձութիւններու գնահատման...

«Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Ղազախստանի Նախագահի`  ՀԱՊԿ-ի Խաղաղապահ Ուժերու Առաքելութեան Աւարտը  Յայտարարելը Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ  Այդ Ուժերը Երկրէն Հեռացնելու»  Կ՛ըսէ Փրայս

«Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Ղազախստանի Նախագահի` ՀԱՊԿ-ի Խաղաղապահ Ուժերու Առաքելութեան Աւարտը Յայտարարելը Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Այդ Ուժերը Երկրէն Հեռացնելու» Կ՛ըսէ Փրայս

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Ղազախստանի նախագահ Քասեմ-Ժոմարթ Թոքայեւի` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խաղաղապահական առաքելութեան աւարտը յայտարարելը, եւ կազմակերպութեան կոչ կ՛ուղղեն` իր ուժերը երկրէն հեռացնելու»: «Կը շարունակենք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան բոլոր խաղաղապահ ուժերուն կոչ ուղղել` յարգելու մարդու իրաւունքները եւ գործադրելու ղազախական կառավարութեան պահանջածին նման Ղազախստանէն շուտով հեռանալու իրենց յանձնառութիւնը», նշեց Փրայս: Նախքան...

«1+4» Պետութիւնները Մնայուն Համաձայնութեան Մը  Հասնելու Համար Վիեննայի Մէջ Ժամանակաւոր  Համաձայնութիւն Մը Առաջարկեցին»  Կ՛ըսէ Ժալալզատէ

«1+4» Պետութիւնները Մնայուն Համաձայնութեան Մը Հասնելու Համար Վիեննայի Մէջ Ժամանակաւոր Համաձայնութիւն Մը Առաջարկեցին» Կ՛ըսէ Ժալալզատէ

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ուահիտ Ժալալզատէ յայտնեց. «1+4» պետութիւնները մնայուն համաձայնութեան մը հասնելու համար Վիեննայի մէջ ժամանակաւոր համաձայնութիւն մը առաջարկեցին»: Ան նաեւ նշեց. «Թեհրան ո՛չ ընդունեց, ո՛չ ալ մերժեց առաջարկը, սակայն մեր առաջնահերթութիւնը մնայուն համաձայնութիւնն է»: «Ժամանակաւոր համաձայնութիւնը իտէալական չէ, եւ կը ձգտինք մնայուն համաձայնութեան մը, որ կ՛ապահովէ Իրանի շահերը», ըսաւ Ժալալզատէ: «Արեւմտեան պետութիւնները պէտք է ազդու...

Ազրպէյճան Նախիջեւանի Մէջ Ռազմափորձեր  Կատարած Է. Ատոնց Ընթացքին Հետեւած Են  Թրքական Բանակի Ներկայացուցիչները

Ազրպէյճան Նախիջեւանի Մէջ Ռազմափորձեր Կատարած Է. Ատոնց Ընթացքին Հետեւած Են Թրքական Բանակի Ներկայացուցիչները

Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած են ներքին ուժերու «Նախիջեւան» առանձին ջոկատի յատուկ մարտավարական ռազմափորձերը: Առանձին համակցուած բանակի մամլոյ ծառայութեան հաղորդումով` յատուկ մարտավարական ռազմափորձերու բեմագրութեան համաձայն, զէնքի, զինամթերքի եւ պայթուցիկ նիւթերու մաքսանենգութեան, թմրեցուցիչներուն վերամշակման եւ ապօրինի շրջանառութեամբ զբաղող կազմակերպուած քրէական խումբը վնասազերծելու նպատակով ներքին ուժերու «Նախիջեւան» առանձին ջոկատի մասնայատուկ ուժի անդամները հակաահաբեկչական գործողութեան սկսած են: Ռազմափորձերու ընթացքին հետեւած են Թուրքիոյ զինեալ ուժերու...

«ՕԹԱՆ-ը Մտադիր Չէ Ետ Շպրտուիլ  Մինչեւ 1997 Թուականի Սահմանները Եւ Հրաժարիլ  Ընդլայնման Քաղաքականութենէն»  Կ՛ըսէ Դաշինքին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

«ՕԹԱՆ-ը Մտադիր Չէ Ետ Շպրտուիլ Մինչեւ 1997 Թուականի Սահմանները Եւ Հրաժարիլ Ընդլայնման Քաղաքականութենէն» Կ՛ըսէ Դաշինքին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

ՕԹԱՆ-ը չի պատրաստուիր ետդարձ կատարել ժամանակին մէջ եւ ետ շպրտուիլ մինչեւ 1997 թուականի սահմանները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է դաշինքին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճուլիանա Սմիթը: Դեսպանը այսպէս մեկնաբանած է խօսքերը Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքովի, որ ՕԹԱՆ-ին առաջարկած է ետդարձ կատարել դէպի 1997 թուականի սահմանները: Սմիթ նաեւ ըսած է, որ դաշինքը վերատեսութեան պիտի...

«Օմիքրոն»-ը Կրնայ Տնտեսութեան  Յոռեգոյն Դանդաղումը Պատճառել»  Կ՛ըսէ Միջազգային Դրամատունը

«Օմիքրոն»-ը Կրնայ Տնտեսութեան Յոռեգոյն Դանդաղումը Պատճառել» Կ՛ըսէ Միջազգային Դրամատունը

Միջազգային դրամատունը զգուշացուց, որ այս տարի համաշխարհային տնտեսական աճը պիտի դանդաղի, եւ չբացառեց բոլոր ցամաքամասերուն վրայ տարածուիլ շարունակուող ու աշխատուժի պակաս ու մատակարարումի հեզասահութեան համար խնդիրներ յառաջացնող «Օմիքրոն»-ի ազդեցութենէն ետք աւելի վատ բեմագրութեան արձանագրումը: Միջազգային դրամատունը բարեփոխեց 2022 տարուան տեղական համընդհանուր արտադրութեան աճին վերաբերեալ իր նախատեսութիւնը` զայն նուազեցնելով 0,2 առ հարիւր կէտով, եւ նախատեսելով, որ աճը ըլլայ 4,1 առ հարիւր,...

Ըստ Ֆրանսայի Առողջապահութեան  Նախարարութեան.  «Օմիքրոն»-ը «Քորոնա» Ժահրի Վերջին  Հաւանական Ալիքն Է

Ըստ Ֆրանսայի Առողջապահութեան Նախարարութեան. «Օմիքրոն»-ը «Քորոնա» Ժահրի Վերջին Հաւանական Ալիքն Է

Հաւանականութիւն կայ, որ մարդկութիւնը, ստանալով «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակը, բախի «Քորոնա»-ի «վերջին ալիքին»: «Առ.Պի.Քէյ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար Օլիվիէ Վերան: Ըստ անոր, հաշուի առնելով Ֆրանսայի եւ աշխարհի մէջ վարակումներու մակարդակը, հաւանական է, որ մարդկութիւնը ձեւով մը` կա՛մ պատուաստումներու, կա՛մ վարակի, կա՛մ միաժամանակ երկուքին միջոցով ձեռք բերած է դիմադրողականութիւն: «Յառաջիկայ օրերուն վարակումներու մակարդակը պիտի բարձրանայ,...

Page 290 of 883 1 … 289 290 291 … 883

Արխիւներ