Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ: Կողմերը միտքեր փոխանակած են շրջանային անվտանգութեան կացութեան վերաբերեալ:
Պայրամով խօսած է շրջանին մէջ վերջին իրադարձութիւններուն, ներառեալ Արցախի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման ուղղութեամբ Ազրպէյճանի քայլերուն մասին: