Ղազախստանի իրաւապահ մարմինները երկրին մէջ անկարգութիւններու ընթացքին ձերբակալած են 5800 անձեր, որոնց շարքին` բազմաթիւ օտարերկրացիներ: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է հանրապետութեան նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւի մամլոյ ծառայութիւնը` ամփոփելով գործողութիւններու գրասենեակի նիստին արդիւնքները:
«Ներկայիս 125 քրէական գործ յարուցուած է, ոստիկանութեան մարմիններ տեղափոխուած են 5,8 հազար անձեր, որոնց շարքին զգալի թիւով օտարերկրացիներ կան», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նիստի ընթացքին նշուած է, որ երկրին բոլոր շրջաններուն մէջ կացութիւնը կայունացած է, կացութիւնը առնուած է վերահսկողութեան տակ, իրաւապահ մարմինները ազատագրած են նախապէս գրաւուած բոլոր վարչական շէնքերը, կը վերսկսի ենթակառոյցներու եւ կենսապահովման համակարգերու աշխատանքը:
«Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւը ընդգծած է, որ ուժային կառոյցները պիտի ձեռնարկեն անհրաժեշտ քայլերու` երկրին մէջ հասարակական կարգի եւ անվտանգութեան ամբողջական վերականգնման համար», նշած են մամլոյ ծառայութենէն:
Թոքայեւ մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ իր երկիրը «արտասահմանի մէջ մարզուած ահաբեկիչներու» կողմէ «զինեալ ներխուժման» ենթարկուած է` նշելով, որ միայն Ալմաթիի մէջ 20 հազար ահաբեկիչներ նկատուած են:
Ան թուիթըրեան իր իրերայաջորդ գրառումներէն մէկուն մէջ նաեւ նշեց. «Աւազակախումբերու անդամներն ու ահաբեկիչները մարզուած են եւ լաւապէս կազմակերպուած, եւ կը ղեկավարուին յատուկ կեդրոնէ մը: Անոնցմէ ոմանք խօսեցան ոչ ղազախերէն լեզուներով: Ալմաթիի մէջ առնուազն ահաբեկիչներու կողմէ յարձակումներու վեց ալիքներ տեղի ունեցան, եւ անոնց (ահաբեկիչներուն, «Ա.») թիւը 20 հազարի կը հասնի»:
«Իմ հիմնական տեսակէտովս` ահաբեկիչներուն հետ բանակցութիւնները բացառուած են, պէտք է զանոնք սպաննել», ընդգծեց Ղազախստանի նախագահը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի «Թելեկրամ»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարեց, որ Ղազախստանի մէջ բողոքի ցոյցերու բռնկումին պատճառներէն մէկը արտաքին ազդեցութիւնն է:
«Արտաքին ազդեցութիւն. նախ` յարակից իսլամական երկիրներուն կողմէ, երկրորդ` ամերիկացիներուն համար ձեռնտու պիտի ըլլայ նոքաութի ենթարկել Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Ռուսիոյ դաշնակիցներէն մէկը եւ օգնել այնտեղ գոնէ չէզոք վարչակարգի հաստատման, ինչպէս Հայաստանի կամ Մոլտովայի մէջ: Եւ շրջանը պիտի փակէին Ռուսիոյ դիմաց: Միայն անհրաժեշտ պիտի ըլլար փոխել Ուզպեքիստանի մէջ վարչակարգը, որպէսզի Ռուսիոյ ազդեցութիւնը վերջնականապէս տկարանայ», գրեց Ժիրինովսքի:
Մինչ այդ, Սպիտակ տան բանբերի տեղակալ Քարին Ժան-Փիեռ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ղազախստանի մէջ ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայութեան «բնոյթին ու կարիքին շուրջ հարցումներ ունի»:
«Ղազախստանի մէջ ռուսական ներկայութեան բնոյթին ու կարիքին շուրջ հարցումներ ունինք… աշխարհը պիտի հետեւի այդտեղ մարդկային իրաւանց որեւէ խախտումի: Բոլորին կոչ կ՛ուղղենք` կառչած մնալու մարդու իրաւունքներու միջազգային յանձնառութիւններուն, ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ այս տագնապին վերջ տալու», յայտնեց ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր կարգին երէկ յայտնեց. «Մենք ռուսական զինեալ ուժերու միջամտութեան դիմելու դրդապատճառներուն վերաբերեալ Ղազախստանէն բացատրութիւն պահանջեցինք»:
Ղազախստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Պորոտաւքին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին խօսելով հանրապետութեան մէջ տիրող կացութեան, անոր պատճառներուն եւ ՀԱՊԿ-ի ուժերու արձագանգին մասին յայտնած է, որ «դաւադիրները» ի վերջոյ պիտի չկարենան իրագործել իրենց ծրագիրը եւ «տապալել» Ղազախստանը, որովհետեւ առանցքային դեր խաղցած են Ղազախստանի նախագահ Թոքայեւի վճռական քայլերը: Ըստ Պորոտաւքինի, նախագահը առանց յապաղելու ստանձնած է երկրին մէջ կատարուողին ամբողջական պատասխանատուութիւնը:
«Արդիւնաւէտ, թէեւ որոշ ուշացումով, ուժայինները սկսան դաւադիրներն ու ահաբեկիչները ետ մղել: Վերջապէս ՀԱՊԿ-ն ժամանակին օգնութեան հասաւ: Խաղաղապահ ուժերու զօրակազմի տեղակայման ծիրին մէջ կ՛ուզեմ յատկապէս նշել, որ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները եւ մեր կազմակերպութիւնը բացառիկ համախմբուածութիւն դրսեւորած են: Չի կրնար հպարտութիւն չյառաջացնել այն գործունէութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը, որով ՀԱՊԿ-ն ձեռնամուխ եղած է Ղազախստանի մէջ սահմանադրական կարգը վերականգնելու համար հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ առաջադրուած գործնական խնդիրներու լուծման: Նախագահ Թոքայեւի` ՀԱՊԿ-ին ուղղուած ուղերձին եւ Նուր Սուլթանի եւ Ալմաթիի մէջ խաղաղապահներու առաջին օդանաւներու էջքին միջեւ քանի մը ժամ անցած է:
«Անգամ մը եւս շեշտեմ` մեր թշնամիները պէտք չէ փորձեն ճակատագիրը: Ռուսիան հիմա 90-ականներու Ռուսիան չէ: Անոնք, որոնք պիտի փորձեն մեզ եւ մեր ընկերները խածնել, առանց ակռաներու պիտի մնան», ըսած է Ռուսիոյ դեսպանը: