Վրաստանի բոլոր քաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ զանգուածային, ժողովրդական բողոքի ցոյցեր պէտք է սկսին: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է վրացական գլխաւոր ընդդիմադիր Միացեալ ազգային շարժումի ղեկավարներէն Լեւան Խապէիշվիլի:
Անոր համաձայն, երկրին մէջ սղաճին լոյսին տակ, կարեւոր կը դառնայ համաժողովրդային բողոքը:
«Երբ մայրաքաղաքին մէջ սղած են ծառայութիւններու վճարումները, ելեկտրականութիւնը, կազը, վառելանիւթը, հասարակական փոխադրամիջոցը, սղած են առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներն ու դեղերը, շատ կարեւոր են ժողովրդային մեծ բողոքն ու համաժողովրդական շարժումը, որոնց զոհերը, բառին բուն իմաստով, պիտի ըլլան ռուս սակաւապետը եւ անոր քրէական իշխանութիւնները», ըսած է Խապէիշվիլի: