Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան, Չինաստանը, Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգներն Ու Ֆրանսան Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

January 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիան, Չինաստանը, Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան հիւլէական պատերազմը եւ զինարշաւը արգիլելու վերաբերեալ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած են:

Նշեալ երկիրները հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնեն, որ «իրենց հիմնական պարտաւորութիւնն է հիւլէական զէնքերու տէր երկիրներուն միջեւ պատերազմը արգիլելն ու ռազմավարական վտանգները նուազեցնելը»:

Հիւլէական զէնքերու տէր հինգ երկիրները կը նշեն, որ իրենց հիւլէական զէնքերը իրարու դէմ կամ որեւէ այլ երկրի դէմ ուղղուած չեն, «եւ մենք մտադիր ենք շարունակել երկկողմանի ու բազմակողմանի դիւանագիտական ուղիներու որոնումը` զինուորական ճակատումէ խուսափելու, կայունութիւնն ու կանխատեսելու կարողութիւնը ամրապնդելու, փոխադարձ հասկացողութիւնն ու վստահութիւնը ամրապնդելու եւ արգիլելու զինարշաւը, որ ոեւէ մէկուն ի շահ չէ ու սպառնալիքի կը վերածուի»:

«Մենք կառչած ենք հիւլէական զէնքերու տարածման արգիլման համաձայնագիրին հիմամբ մեր ստանձնած յանձնառութիւններուն, ներառեալ մեր յանձնառութիւնը 6-րդ կէտին, այսինքն` մօտիկ ապագային հիւլէական զէնքի արշաւին վերջ տալու, հիւլէական զէնքը ապազինելու եւ միջազգային խիստ ու ազդու հսկողութեան տակ ապազինման շուրջ բարի կամեցողութեամբ բանակցելու», կը յայտնեն հինգ մեծ տէրութիւնները:

 

Նախորդը

«Պայտըն Զելենսքիին Վստահեցուց, Որ Ամերիկան Վճռական Կերպով Պիտի Միջամտէ, Եթէ Ռուսիան Ուքրանիա Ներխուժէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Յաջորդը

Պաղտատի Օդակայանին Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանին Վրայ Յարձակում Մը Ձախողութեան Մատնուեցաւ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.