Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակցութեան Մասնակից Պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգները Կը Ներկայացնէ Եւ Ոչ Թէ Ուքրանիան» Կ՛ըսէ Զախարովա

March 24, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն մասնակցող ուքրանական պատուիրակութիւնը Ուքրանիոյ տեսակէտները չի ներկայացներ, այլ ամերիկեան ցուցմունքներուն հիմամբ կը գործէ:

Անդրադառնալով Ռուսիա-Ուքրանիա բանակցութիւններուն` Զախարովա յայտնեց. «Կարելի է շինիչ երկխօսութիւն կատարել, եթէ զրուցակիցդ իր կողմը կը ներկայացնէ, Ուքրանիոյ վերաբերեալ մեր տեսածին հակառակ: Արդարեւ, բանակցութեան պատուիրակութիւնը կը հիմնուի Միացեալ Նահանգներու ցուցմունքին վրայ»:

«Երբ մարդիկ իրենց հայրենիքն ու ժողովուրդը ներկայացնել կը ձեւանան, սակայն իսկութեան մէջ կը կարդան իրենց համար գրուած եւ տրուած գրքոյկներն ու նիւթերը, ապա երկխօսութիւնը պէտք եղած արդիւնքին պիտի չյանգեցնէ», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով Պրիւքսել ճամբորդելու համար Սպիտակ տունէն մեկնած ատեն լրագրողներուն Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ քիմիական զէնքով յարձակումի մը կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ ատիկա իսկական սպառնալիք է»:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի նախօրեակին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ռուսիան պէտք է դադրեցնէ հիւլէական այս վտանգաւոր անպատասխանատու հռետորաբանութիւնը: Սակայն թող կասկածներ չըլլան պաշտպանուելու եւ դաշնակիցներուն որեւէ սպառնալիքէ որեւէ պահու պաշտպանելու մեր պատրաստակամութեան նկատմամբ»:

«Ռուսիան պէտք է հասկնայ, որ հիւլէական պատերազմին մէջ երբեք պիտի չյաղթէ: ՕԹԱՆ-ը տագնապին մասին չէ… կ՛աջակցի Ուքրանիոյ, սակայն տագնապին մաս չէ… ՕԹԱՆ-ը զօրքեր պիտի չուղարկէ Ուքրանիա… Ուքրանիոյ աջակցիլը շատ կարեւոր է, եւ մենք զայն կ՛աւելցնենք: Սակայն նոյն ատեն չափազանց կարեւոր է չարտօնել, որ այս տագնապը վերածուի ՕԹԱՆ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ լիարժէք պատերազմի»:

Քրեմլին ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի նախօրեակին յայտարարեց. «ՕԹԱՆ-էն խաղաղապահ ուժեր Ուքրանիա ուղարկելը արագ ու շատ վտանգաւոր որոշում մը պիտի ըլլայ»` աւելցնելով. «Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ուժերուն հետ որեւէ բախում կրնայ դժուար լուծուելիք հետեւանքներու յանգեցնել»:

«Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռուսական ուժերու կորուստներուն մասին տեղեկութիւններ պիտի հրապարակէ, երբ ատիկա անհրաժեշտ նկատէ», յայտնեց Քրեմլին:

«Տակաւին կանուխ է խօսիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովին մասնակցելուն կամ չմասնակցելուն մասին», նշեց Ռուսիոյ նախագահական պալատը:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Ճափոնի խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ռուսիան մեր վրայ վայրագ պատերազմ շղթայազերծեց, եւ ատիկա պատերազմ մըն է, որ ամբողջ Եւրոպան կը վտանգէ»` աւելցնելով. «Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժելը անոր շատ սուղ պիտի արժէ»:

«Մենք կ՛ուզենք մեր երեխաներուն անվտանգութիւնը ապահովել, եւ Ապահովութեան խորհուրդն ու միջազգային օրէնքները չկրցան մեզ պաշտպանել», ըսաւ Ուքրանիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Կարիքը ունինք ձեր օժանդակութեան, որպէսզի ուժեղ կերպով ճնշում բանեցնենք Ռուսիոյ վրայ` շրջանին մէջ խաղաղութիւն պարտադրելու համար»:

Նախորդը

Ասատ Հանդիպում Ունեցաւ Ապտոլլահեանի Հետ

Յաջորդը

Ռուսիան Հիւլէական Զէնք Կրնայ Օգտագործել, «Եթէ Պետութեան Գոյութեան Վտանգ Սպառնայ»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.