Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕԹԱՆ-ի Անդամները Համաձայնեցան Դաշինքի Արեւելեան Թեւը Ամրապնդել Եւ Ուքրանիոյ Յաւելեալ Աջակցութիւն Ցուցաբերել

March 25, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցան Ուքրանիոյ տագնապին վերաբերեալ երեք վեհաժողովներ` «Եօթներու խմբակ»-ի, Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երեք վեհաժողովներուն ալ մասնակցեցաւ:

ՕԹԱՆ-ի անդամները համաձայնեցան դաշինքի արեւելեան թեւը չորս յաւելեալ մարտական խումբերով ամրապնդել եւ Ուքրանիոյ յաւելեալ աջակցութիւն ուղարկել: Նշեալ մարտական խումբերը պիտի տեղակայուին Պուլկարիոյ, Հունգարիոյ, Ռումանիոյ ու Սլովաքիոյ մէջ եւ պիտի աւելնան արդէն իսկ Պալթեան երկիրներուն ու Լեհաստանի մէջ տեղակայուած չորս մարտական խումբերուն: ՕԹԱՆ-ի արեւելեան թեւին մէջ յաւելեալ հալածիչներ, սուզանաւեր եւ մարտանաւեր պիտի տեղակայուին:

Ուքրանիոյ տրամադրուելիք յաւելեալ աջակցութիւնը պիտի ներառէ հակահրասայլային եւ հակաօդային համակարգեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք «ցոյց կու տան իրենց մեծապէս ազդու ըլլալը»:

Վեհաժողովի ընթացքին ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի նստաշրջանը մէկ տարիով երկարաձգուեցաւ` գոյացած անվտանգութեան տագնապին պատճառով:

Սթոլթենպերկ վեհաժողովէն ետք Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումը կոչեց «սերունդէ մը ի վեր մեր անվտանգութեան մեծագոյն սպառնալիքը», որուն դաշինքը պէտք է վճռականօրէն հակազդէ:

«Ուքրանիոյ յաւելեալ աջակցութիւն պէտք է ցուցաբերուի, եւ մենք պիտի տրամադրենք այդ աջակցութիւնը, պիտի շարունակենք Ռուսիոյ աննախադէպ գին վճարել տալ եւ պիտի շարունակենք դաշնակցային զսպում եւ պաշտպանութիւն (տրամադրել)», ըսաւ ան:

Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր հրամանատար զօր. Թատ Ուոլթըրզ «հիւլէական, կենսաբանական, հեռահաղորդակցական եւ հիւլէական պաշտպանութեան տարրեր պատրաստ վիճակի մէջ դրած է»:

Ան վերահաստատեց ՕԹԱՆ-ի զօրակցութիւնը Ուքրանիոյ եւ այլ «վտանգուած գործընկերներու», ներառեալ Վրաստանը եւ Պոսնիան, սակայն շեշտեց, որ դաշինքը «պատասխանատուութիւն ունի ապահովելու, որ տագնապը» Ուքրանիոյ սահմաններէն անդին տարածուելով եւրոպական ցամաքամասին մէջ ամբողջական պատերազմի չվերածուի:

«Եօթներու խմբակ»-ը իր կարգին յայտարարեց, որ պատրաստ է «անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ» հաստատելու, ինչպէս նաեւ քարիւղ եւ կազ արտադրող երկիրներուն կոչ ուղղեց` «պատասխանատու կերպով վարուելու եւ մատակարարումները աւելցնելու»:

«Մենք կը զգուշացնենք Ռուսիան կենսաբանական, քիմիական կամ հիւլէական որեւէ զէնքի օգտագործման հետեւանքներէն», իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց խումբը` աւելցնելով. «Մենք ամէն ջանք պիտի թափենք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու անոր աջակցողները հաշուետուութեան ենթարկելու համար»:

Մինչ այդ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել նշեց. «Ռուսական բանակը Ուքրանիոյ մէջ իր նպատակները չիրագործեց, եւ Ռուսիան կը փորձէ Ուքրանիան ծովէն մեկուսացնել, եւ մինչեւ այդ նպատակը իրագործուի, բանակցութիւններով հետաքրքրուած չէ»:

Ան ողջունեց Միջազգային քրէական դատարանին եւ Մարդու իրաւունքներու յանձնախումբին կողմէ Ուքրանիոյ մէջ հաւանական ռազմական յանցագործութիւններու շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկումը` աւելցնելով. «Պիտի շարունակենք Ռուսիան մեկուսացնել ու դատապարտել ռազմական յանցագործութիւնները, եւ Ուքրանիոյ ելեւմտական ու զինուորական գետնի վրայ աջակցիլ»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ռուսական ուժերը Խարքիւ նահանգի Իզիում շրջանը առած են իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ եւ գիշերանց հեռահար հրթիռներով ռմբակոծած են ուքրանական զինուորական կառոյցներ` մայրաքաղաք Քիեւի հարաւային շրջանին մէջ քանդելով 13 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Մէջ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչը Ռուսիան Մեղադրած Է Ռազմական Յանցագործութիւններու Մէջ

Յաջորդը

Ինցակի Հեռացաւ Պրեշիայէն

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.