Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատ Հանդիպում Ունեցաւ Ապտոլլահեանի Հետ

March 24, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Դամասկոս, ուր հասնելէ անմիջապէս ետք յայտարարեց. «Սուրիան եւ Իրանը մէկ խրամատի մէջ են, եւ Թեհրան կ՛աջակցի Սուրիոյ ղեկավարութեան, կառավարութեան եւ ժողովուրդին»: Ան աւելցուց. «Մեր երկիրներուն երկկողմանի յարաբերութիւնները լաւագոյն վիճակի մէջ են»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ դիմաւորելով իր պաշտօնակիցը յայտնեց. «Պիտի քննարկենք երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ այն հսկայական զարգացումները, որոնք այսօր Ուքրանիոյ մէջ ռուսական գործողութենէն ետք աշխարհի վրայ տեղի կ՛ունենան, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկենք այդ զարգացումներուն վերաբերեալ մեր հասարակաց կեցուածքները»:

Սուրիոյ նախագահական պալատը աւելի ուշ յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հանդիպում ունեցած է Ապտոլլահեանի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է երկու երկիրներուն միջեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ գործակցութեան շարունակութիւնը, եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է, որ իր երկիրը Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին կողքին կը կանգնի` «մինչեւ ամբողջ սուրիական հողերուն ազատագրումը»` նշելով. «Սուրիոյ  դերակատարութեան ստանձնումը կարեւոր է շրջանի կայունութեան համար»:

Ապտոլլահեան Ասատին ներկայացուցած է հիւլէական համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններուն ներկայ իրավիճակը: Անոնք տեսակէտներու փոխանակում կատարած են հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վերաբերեալ, որոնց շարքին` Ուքրանիոյ մէջ կացութեան մասին:

Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ Դամասկոսէն յայտարարեց. «Այսօր աւելի քան երբեք մօտ ենք (Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ) հիւլէական համաձայնութեան հասնելու»:

Ան նաեւ յայտարարեց. «Մենք կ՛ողջունենք Դամասկոսի հետ մերձենալու կարգ մը արաբական երկիրներու քայլերը»:

Նախորդը

«Նախաձեռնութիւնները, Ներառեալ Իսրայէլեանն Ու Թրքականը, Չենք Մերժեր, Սակայն Ունինք Կարմիր Գիծեր, Որոնց Վերաբերեալ Կարելի Չէ Խօսքերով Բաւարարուիլ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

«Բանակցութեան Մասնակից Պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգները Կը Ներկայացնէ Եւ Ոչ Թէ Ուքրանիան» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.