Վերջին օրերուն Իսրայէլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի երկրորդ ահաբեկչական գործողութենէն ետք, իսրայէլեան պետութեան անվտանգութեան ծառայութիւնները պէտք է արագօրէն յարմարին այդ նոր սպառնալիքին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ:
Ան այս մասին յայտարարած է 27 մարտին Հատերայի մէջ երկու իսրայէլացի ոստիկաններու սպանութենէն ետք:
«Իսրայէլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմնակիցներու երկրորդ յարձակումը անվտանգութեան ուժերէն կը պահանջէ արագ յարմարիլ նոր սպառնալիքին: Այդպէս ալ կատարուած է», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Պենեթ:
«Քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղեմ զգօն ըլլալու», աւելցուցած է ան:


