Երէկ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան ռուս-ուքրանական բանակցութիւններ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Տոլմապահչէի պալատին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց. «Պոլսոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին ամէնէն էական յառաջընթացը ձեռք բերուած է»:
«Այսօր այս հոլովոյթին մէջ մինչեւ հիմա ամէնէն նշանակալի յառաջընթացը արձանագրուած է», ըսաւ ան` նշելով, որ Թուրքիան «շատ ուրախ է ատոր աջակցելով»:
«Մենք կը տեսնենք, որ այսօրուան հանդիպումին որոշակի յառաջընթաց արձանագրուած է, որոշ հարցերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է», ըսաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը` խուսափելով մանրամասնութիւն ներկայացնելէ:
Բացի ատկէ, Չաւուշօղլուի համաձայն, աւելի բարդ հարցերը պէտք է քննարկուին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն` Վլատիմիր Փութինի եւ Վոլոտիմիր Զելենսքիի մակարդակով: «Մենք յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսենք բանակցութիւններ` խօսելու համար համաձայնութեան կէտերուն եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ հանդիպումի մասին», աւելցուց թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Չաւուշօղլու յոյս յայտնեց, որ Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի հաստատումը պիտի յանգեցնէ երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման:
Ռուսիոյ նախագահի օգնական, ռուսական պատուիրակութեան աւագ բանագնաց Վլատիմիր Մետինսքի յայտնեց, որ Ուքրանիոյ գրաւոր առաջարկներ ներկայացուցած է: «Ուքրանիոյ գրաւոր առաջարկները կ՛ենթադրեն հրաժարում Խրիմն ու Սեւասթոփոլը զինուորական ճամբով վերադարձնելու ցանկութենէն», ըսաւ ան:
Մետինսքի յայտնեց, որ Քիեւի առաջարկները կը ներառեն Ուքրանիան միջազգային իրաւական երաշխիքներով մշտապէս չէզոք պետութիւն հռչակելը եւ հիւլէական զէնքերէ զուրկ ըլլալը` աւելցնելով. «Ռուսիան իր կարգին չ՛ընդդիմանար Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան միանալու ձգտումին»:
«Այսօրուան բովանդակալից հանդիպումէն ետք համաձայնութիւն գոյացուցած ենք եւ կ՛առաջարկենք լուծում, որով (Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ) նախագահներու հանդիպումը կարելի է` համաձայնագիրի նախաստորագրման հետ», նշեց Ռուսիոյ նախագահի օգնականը:
«Եթէ արագ աշխատանք կատարուի համաձայնագիրին վրայ, եւ գտնենք անհրաժեշտ փոխզիջումները, խաղաղութեան կնքումը շատ աւելի մօտալուտ պիտի դառնայ», ըսաւ ան` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու:
Ուքրանական պատուիրակութեան անդամ Տաւիտ Արախամիան, սակայն, պնդեց, որ Քիեւ կը պահանջէ, որ այդ փաստաթուղթը ըլլայ միջազգային եւ զայն ստորագրեն ու վաւերացնեն Ուքրանիոյ անվտանգութեան բոլոր երաշխաւորները:
«Անոնք կրնան ըլլալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պետութիւններ», ըսաւ Արախամիան` այդ երկիրներու շարքին նշելով Թուրքիան եւ Գերմանիան:
Ռուսական Բանակը Որոշած Է Նուազեցնել Ռազմական Գործունէութիւնը Քիեւի Եւ Չեռնիկովի Մօտ
Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմին բանակցութիւններէն ետք յայտարարեց, որ ռուսական բանակը որոշած է կտրուկ կերպով նուազեցնել գործողութիւնները Քիեւի եւ Չեռնիկովի մօտ:
Մետինսքի իր կարգին նշեց, որ Մոսկուան քայլեր կը կատարէ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն եւս յայտնեց. «Ռուսիան արմատականօրէն պիտի նուազեցնէ Քիեւի եւ հիւսիսային Ուքրանիոյ մէջ Չեռնիքովի մօտ իր ռազմական գործունէութիւնը` խաղաղ բանակցութիւններու շարունակութեան բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու համար:
Ան նախապէս յայտարարած էր, որ ռուսական բանակը իր առջեւ դրած առաջնային խնդիրները լուծուած կը նկատէ եւ այժմ կը պատրաստուի կեդրոնանալու ուքրանական ուժերը Տոնպասէն դուրս մղելու վրայ:
Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Մենք չտեսանք փաստեր, թէ ռուսական բանակի ստորաբաժանումները սկսած են հեռանալ Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի շուրջ գտնուող ճակատներէն»:
«Յստակ է, որ ռուսերը պատրաստ չէին եւ անկարող են տիրելու Քիեւին», նշեց ան:
«Ուքրանիոյ Օդուժն Ու Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգը Գրեթէ Ոչնչացուած Են, Ծովուժը Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Շոյկու
Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութեան առաջին փուլի հիմնական խնդիրները կատարուած են. գործողութեան ընթացքին Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն զգալի վնաս հասցուած է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ տեղի ունեցած ժողովի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու:
«Նախ` Ուքրանիոյ տարածքին մէջ ռուսական զինեալ ուժերու յատուկ զինուորական գործողութեան ընթացքին մասին, ընդհանուր առմամբ, գործողութեան առաջին փուլի հիմնական խնդիրները կատարուած են: Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն մարտական ներուժը զգալիօրէն կրճատուած է, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ հիմնական ուշադրութիւնն ու հիմնական ջանքերը կեդրոնացնելու գլխաւոր նպատակին` Տոնպասի ազատագրման վրայ: Նուաճած ենք օդային գերակայութիւն: Գրեթէ ոչնչացուած են օդուժը եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը», ըսած է ան:
Շոյկու յայտնած է, որ 152 օդանաւներէն, որոնք մինչեւ գործողութեան մեկնարկը եղած են Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու մարտական կազմին մէջ, ոչնչացուած է 123-ը, 149 ուղղաթիռներէն 77-ը, հեռահար եւ միջին հեռահարութեան հակաօդային պաշտպանութեան 180 համակարգերէն 152-ը:
«Երկրին ծովուժը դադրած է գոյութիւն ունենալէ, զգալի կորուստներ կրած են ցամաքային եւ անկարգելային յարձակման ուժերուն բոլոր կազմաւորումները», ըսած է Շոյկու:
«Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ տակաւին չենք հասած սահմանուած նպատակներուն», եզրափակած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը:
«Ռուսիոյ Մէջ Ոչ Ոք Կը Մտածէ Հիւլէական Զէնք Օգտագործելու Մասին» Կ՛ըսէ Քրեմլին
Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ հիւլէական զէնք օգտագործելու ծրագիրներ չունի: «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մալմոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Անոր համաձայն, Ռուսիոյ մէջ նոյնիսկ այդպիսի բանի մասին չեն մտածեր:
«Ո՛չ, ես այդպէս չեմ կարծեր, սակայն Վլատիմիր Փութին բաւական վճռական յայտարարեց, որ պէտք չէ միջամտել: Եթէ դուք ատիկա ընէք, մենք բոլոր կարելիութիւնները ունինք ատիկա կանխարգիլելու եւ պատժելու անոնք, որոնք կը պատրաստուին միջամտելու», ըսած է Փեսքով` ամերիկեան «Փի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: