Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնները որոշած են դէմ առ դէմ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը կատարել 29-30 մարտին: Այս մասին «Թելեկրամ» ալիքին վրայ յայտնեց Ռուսիոյ պատուիրակութեան ղեկավար, նախագահի օգնական Վլատիմիր Մետինսքի:
«Այսօր տեղի ունեցած է Ուքրանիոյ հետ տեսաժողովի շուրջ բանակցութիւններու հերթական փուլը, ատոր հիմամբ որոշուած է անձամբ հանդիպիլ 29-30 մարտին», գրեց ան:
Ուքրանական կողմին հաղորդումով` բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ մէջ:
Կիրակի օր Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք համաձայնեցան ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու յաջորդ փուլը կատարել Պոլսոյ մէջ:
Թուրքիոյ նախագահական պալատի հաղորդումով, զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի անյապաղ հաստատման եւ մարդասիրական կացութեան բարելաւման անհրաժեշտութիւնը: Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Վլատիմիր Փութինին ըսած է, որ իրենք պիտի շարունակեն այս հոլովոյթին մէջ իրենց ջանքերը:


