Ռուսիան հիւլէական զէնք կրնայ օգտագործել, եթէ պետութեան գոյութեան վտանգ սպառնայ: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Ռուսիոյ նախագահի բանբերը յղում կատարած է ազգային անվտանգութեան գործող փաստաթուղթերուն` նշելով, որ այնտեղ նկարագրուած են հիւլէական զէնքի կիրարկման բոլոր հիմնաւորումները:


