Ռուսական Կողմը Սեւերոտոնեցքի Վերջին Պաշտպաններուն Առաջարկած Է Յանձնուիլ
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ Սեւերոտոնեցքի «Ազոտ» քիմիական գործարանի տարածքին մէջ ապաստանած ուքրանական ուժերուն առաջարկած է յանձնուիլ եւ խոստացած, որ խաղաղ բնակչութեան համար մարդասիրական միջանցք պիտի բացուի դէպի ռուսական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող Սվաթովօ քաղաք: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Տեղական ուքրանական իշխանութիւններուն պնդումով` գործարանի տարածքին մէջ մինչեւ 560 խաղաղ բնակիչներ կան, ներառեալ` երեխաներ: Ուքրանական կողմը կը պնդէ զանոնք հեռացնել...




















