Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի կարծիքով` Իրան իւրանիոմը կը հարստացնէ «աննախադէպ արագութեամբ»: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Իրան իւրանիոմը կը հարստացնէ աննախադէպ արագութեամբ եւ վտանգաւոր աստիճանի մօտ է հիւլէական զէնք ունենալուն: Առանց Արեւմուտքի ճնշումին Իրանի իսլամական վարչակարգը կրնայ շատ շուտով հիւլէական ռումբ ստանալ:
«Աշխարհը պէտք է ամուր դիրքորոշում որդեգրէ եւ իսլամական վարչակարգին ըսէ` չկայ հիւլէական զէնք, չկայ պատժամիջոց: Իրանեան հիւլէական ծրագիրը կանգ պիտի չառնէ, մինչեւ որ զայն չկանգնեցնեն», բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետը: