Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին անտեսած է իր նախազգուշացումները, թէ Ռուսիան փետրուարին Ուքրանիա պիտի ներխուժէ: Այս մասին հաղորդեց «Պլումպըրկ»-ը:
«Ես գիտեմ, որ շատեր կը կարծէին, թէ ես կը չափազանցեմ, սակայն ես գիտէի, եւ մենք հաստատ տուեալներ ունէինք, որ Փութին կը պատրաստուի սահմանը անցնելու: Կասկած չկար: Եւ Զելենսքին ատիկա չէր ուզեր լսել, ինչպէս բազմաթիւ ուրիշներ», ըսած է Պայտըն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ մեղադրած է իր ռուս պաշտօնակիցը Ուքրանիոյ «մշակոյթը եւ ոչ միայն ազգը ոչնչացնելու փորձին յանցանքով», եւ ըսած, որ Ռուսիոյ ղեկավարը Քիեւը կը նկատէ «մայր Ռուսիոյ նստավայրը»:


