Ուքրանիոյ Խերսոն եւ Զափորոժիէ շրջաններու` Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու բնակիչներուն շաբաթ օրուընէ ի վեր սկսած են տրամադրել Ռուսիոյ անցագիրներ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած են նշեալ տարածքներու ղեկավարները:
Զափորոժիէ շրջանի Ռազմական-քաղաքական վարչակազմի ընդհանուր խորհուրդի անդամ Վլատիմիր Ռոկով յայտնած է, թէ ռուսական անցագիրներ ստանալու դիմում ներկայացուցած է աւելի քան 70 հազար բնակիչ:
Պատերազմէն առաջ Զափորոժիէի շրջանին մէջ կ՛ապրէր աւելի քան 1 միլիոն 600 հազար մարդ:
Խերսոնի մէջ նոր անձնագիրներ ստանալու համար ռուսական գրասենեակ դիմած է 23 մարդ, ներառեալ շրջանի Ռազմական-քաղաքացիական վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Սալտոն, որ մինչ այդ յայտնուած էր Եւրոպական Միութեան կազմած պատժամիջոցներու ցանկին մէջ:
Ուքրանիոյ իշխանութիւնները ռուսական անցագիրներու տրամադրումը կը նկատեն «ռուսական քարոզարշաւի բաղադրիչ, որ կ՛արտօնէ ներկայացնել փոքր պատկերասփիւռի յայտագիր` ռուսերու հետ համագործակցող քանի մը տասնեակ դաւաճաններու մասնակցութեամբ»:
Նախապէս շարք մը ռուսական անկախ կայքեր յայտնած են, թէ Խերսոնի եւ Զափորոժիէի ռուսական վարչակարգերը մտադիր են հանրաքուէներ կատարել Ռուսիոյ միանալու համար:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց ծովէն արձակուած «Քալիպըր» հրթիռներով Թերնոփիլ շրջանին մէջ ամերիկեան եւ եւրոպական զէնքերու մեծ պահեստանոցի մը քանդումը:
Թերնոփիլ շրջանի կառավարիչը իր կարգին նշեց, որ ռուսական հրթիռային յարձակում մը թիրախ դարձուցած է Ուքրանիոյ արեւմուտքը գտնուող Չորթքիւ քաղաքը` քանդելով զինուորական կառոյցներ եւ պատճառելով 22 վիրաւորներ:


