Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի իր երկրի օդուժի 111-ամեակին առիթով ընդունած է օդուժի հրամանատար զօր. Հասան Քիւչիւքաքիւզը եւ անոր ընկերակցող օդուժի հրամանատարութեան անձնակազմը: Այս մասին հաղորդեց «Հիւրրիեթ»-ը:
Աքար հանդիպումի ժամանակ յայտնած է, որ «ԷՖ-16» հալածիչներուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա բանակցութիւնները դրական անցած են:
«Մենք որոշակի ընթացակարգով աշխատած ենք «Պլոք 70 Վայփըր»-ի ձեռք բերման եւ մեր միւս օդանաւերու արդիականացման համար: Մենք կը հաւատանք, որ մեր դաշնակից Միացեալ Նահանգները նոյնպէս պիտի բաւարարեն այս հարցին մէջ Թուրքիոյ կարիքը: Հաւաքական պաշտպանութեան եւ համագործակցութեան առումով, կը կարծեմ, ատիկա պիտի չանտեսուի Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին կողմէ: Որովհետեւ թէ՛ Թուրքիա եկող ամերիկեան պատուիրակութիւններուն հետ հանդիպումները, թէ՛ Միացեալ Նահանգներ մեկնող պատուիրակութեան քոնկրեսականներու հետ հանդիպումները դրական մթնոլորտի մէջ եղած են, եւ հիմք ստեղծուած է հաղորդակցութիւնները շարունակելու համար», ըսած է Աքար:
Թուրքիան 40 «ԷՖ-16» հալածիչ գնելու եւ իր 80 ամերիկեան հալածիչները արդիականացնելու հարցով դիմած է Միացեալ Նահանգներուն:


