Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով յայտնեց. «Ռուս-ամերիկեան երկխօսութիւնը աննախադէպ ցած մակարդակի վրայ է, վստահութիւնը ականահարուեցաւ, եւ նոյնիսկ յստակօրէն հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող հարցերուն մէջ համագործակցութիւնը կը քայքայուի: Երկու կողմերուն միջեւ հաղորդակցութիւնը սահմանափակ է եւ թեքնիք հարցերու քննարկման շուրջ միայն»:
«Ռուսիոյ դեսպանատան` ամերիկեան իշխանութիւններուն հետ գործակցութիւնը ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ սառեցուեցաւ: Այսպէս կոչուած ռազմավարական երկխօսութիւնը անցեալ 25 փետրուարին Ուաշինկթընի նախաձեռնութեամբ անժամկէտ կերպով սառեցուեցաւ, եւ մեզի ըսին, որ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական յատուկ գործողութեան լոյսին տակ, զէնքերու տարածման հսկողութիւնը ամերիկեան վարչակազմին համար առաջնահերթութիւն չէ»:
«Համացանցային անվտանգութեան շուրջ երկխօսութիւնը եւս դադրեցաւ, եւ ներկայիս զայն շարունակելու որեւէ առիթ չկայ», ըսաւ Անթոնով:
Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը նաեւ յայտնեց. «Անհրաժեշտ է, որ ամերիկեան վարչակազմը քայլեր որդեգրէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ռուսոֆոպիայի ալիքին դիմակայման համար»:
Ռուս դիւանագէտը յայտնեց, թէ համոզուած է, որ «առողջ մտածելակերպը պիտի յաղթէ»` աւելցնելով. «Երկու մեծ տէրութիւնները պէտք է իրարու հետ աշխատին»:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանը մէկ օր առաջ տարածած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէր, թէ Ուաշինկթըն անպատասխանատու մօտեցում կը ցուցաբերէ, հակառակ մագլցումի վտանգին Քիեւին տրամադրելով հեռահար հրետանային համակարգեր:
«Հիմնական վտանգը տագնապի սրումն է, եթէ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը այդ համակարգերը օգտագործեն Ռուսիոյ տարածքը հարուածելու համար: Ասիկա յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով», նշուած էր հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս յայտարարած էր, որ Ռուսիան Արեւմուտքին կողմէ հեռահար սպառազինութիւններու մատակարարման պիտի պատասխանէ Ուքրանիոյ տարածքին մէջ նոր թիրախներ հարուածելով:


