Կիրակի օր, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլին, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի իշխող «Միասին» դաշինքը եւ ձախակողմեան ուժերու «Նոր ժողովրդական կենսոլորտային եւ ընկերային միութիւն» դաշինքը` Ժան-Լիւք Մելանշոնի ղեկավարութեամբ, գրեթէ նոյն արդիւնքը արձանագրած են` հաւաքելով, նախնական տուեալներով, քուէներու յաջորդաբար 25,7 եւ 25,6 առ հարիւրը:
Երրորդ դիրքը կը գրաւէ Մարին Լը Փենի «Ազգային միասնութիւն» կուսակցութիւնը` 18,7 առ հարիւր:
Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է Ֆրանսայի 5-րդ հանրապետութեան պատմութեան մէջ ամէնէն ցած մասնակցութեան համեմատութեամբ: Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով` ընտրական ցուցակներուն մէջ արձանագրուած ֆրանսացիներու 52,5 առ հարիւրը չէ մասնակցած ընտրութեան:
Խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ մէկ շաբաթ ետք` 19 յունիսին:


