«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Թրքական Հաւանական Գործողութիւնը Կրնայ Քիւրտերը Մղել Անկախ Պետութիւն Ստեղծելու» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Յատուկ Պատուիրակը
Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ երէկ յայտնեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական հաւանական գործողութիւնը Թուրքիոյ համար «ապահովական նոր սպառնալիքներ» պիտի ստեղծէ, որովհետեւ «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը այս բեմագրութեան լոյսին տակ պիտի չանհետանան»: «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական հաւանական գործողութիւնը կրնայ քիւրտերը մղել անկախ պետութիւն ստեղծելու, եւ ատիկա շրջանին համար հետեւանքներ պիտի ունենայ», ըսաւ Լաւրենթիեւ` աւելցնելով....




















