Հետազօտութեան «Մեթրոփոլ» կեդրոնի Թուրքիոյ մէջ կատարած հարցախոյզը ցոյց տուած է, թէ ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ թուրք քաղաքացիներուն վստահութիւնը նուազած է: Թրքական «Զաման» օրաթերթը հաղորդեց, որ «Մեթրոփոլ»-ի հիմնադիր Էօզեր Սինճար «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած է գրառում մը, որ կը բովանդակէ թուրք քաղաքացիներուն ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ վստահութեան տարողութեան շուրջ կեդրոնին կատարած հարցախոյզին արդիւնքը:
Հարցախոյզին մասնակիցներուն ուղղուած է այն հարցումը, թէ ՕԹԱՆ-ի կը վստահի՞ն: Հարցախոյզին մասնակից թուրք քաղաքացիներուն երկու երրորդը յայտնած է, որ անոնք չեն վստահիր ՕԹԱՆ-ին, եւ միայն մէկ երրորդը վստահութիւն յայտնած է:
Սինճար նշած է. «Ասիկա յարմար ենթահող է անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն Թուրքիան Արեւմուտքէն հեռացնել եւ զայն Միջին Արեւելքին մօտեցնել, եւ ասիկա ազգայնականներուն ու եւրասիականներուն համար մեծ յաջողութիւն մըն է եւ իշխանութեան մեծ իւրայատկութիւնն է»:
Հարցախոյզը կը նշէ, թէ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան քուէարկողներուն հարցախոյզի մասնակիցներուն 70,3 առ հարիւրը եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 66,8 առ հարիւրը վստահութիւն չունին ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ: Ինչ կը վերաբերի ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան քուէարկողներուն 66,7 առ հարիւրը, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան քուէարկողներուն 62,4 առ հարիւրը, «Լաւ» կուսակցութեան քուէարկողներուն 64,8 առ հարիւրը եւ «Սաատեթ» կուսակցութեան քուէարկողներուն 63,3 առ հարիւրը ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ վստահութիւն չունին: