Ռուսիոյ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան կայքը Ազրպէյճանին մէջ անհասանելի դարձած է: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան թղթակիցը:
Ատիկա տեղի ունեցած է այն բանէն ետք, երբ գործակալութիւնը հրապարակած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի հետ հարցազրոյցը, ինչի լոյսին տակ որոշ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ, որոնց շարքին ԱՓԱ պետական լրատու գործակալութիւնը, տեղական իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են արգիլելու «Ռաշա Թուտէյ» միջազգային լրատու խմբակին պատկանող լրատուամիջոցները:
Ի պատասխան գործակալութեան հարցումին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ «Ռոսիա Սեկոտնիա»-ն, իբրեւ թէ, շրջանառութեան մէջ կը դնէ Արցախի յայտարարութիւնները` նկատի ունենալով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի թղթակիցին եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարին զրոյցը:
Նախարարութիւնը կը կարծէ, որ ռուսական պետական գործակալութիւնները, իբրեւ թէ, կը տարածեն «զրպարտչական տեղեկատուութիւն», որ կը հակադրուի Ազրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան» եւ կը խթանէ «անջատողական միտումները»:
«Այս բոլորը չեն համապատասխաներ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ոգիին եւ, հետեւաբար, լուրջ ափսոսանք կը յառաջացնեն», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Լէյլա Ապտուլայեւան:
Անոր կարծիքով, ատիկա իբրեւ թէ կը հակասէ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 1997 թուականի բարեկամութեան, անվտանգութեան եւ զինուորական գործընկերութեան համաձայնագիրի եւ 2022 թուականի Դաշնակցային համագործակցութեան մասին կէտերուն:
«ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութեան կողմէ այս սադրիչ յայտարարութիւններուն կրկնումը նաեւ կը ստուերէ յետհակամարտային ժամանակաշրջանին մէջ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու Ռուսիոյ ջանքերը», աւելցուցած է Ապտուլայեւա:
Միեւնոյն ժամանակ, նախարարութեան ներկայացուցիչը որեւէ ապացոյց չէ ներկայացուցած «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի կողմէ սադրանքի կամ անջատողականութեան քարոզչութեան մասին:


