Բրիտանիոյ իշխանութիւնները Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութեան հակադարձելու քայլերու ծիրին մէջ ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ պատրիարքին դէմ պատժամիջոցներ հաստատեցին:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Քիրիլ պատրիարքը (75 տարեկան), որուն անունը Եւրոպական Միութիւնը վերջերս ջնջած էր սեւ ցանկէն, կը պատժուի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի պատերազմին զօրակցելուն համար»:
4 մայիսին Եւրոպական յանձնաժողովը առաջարկած էր Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութեան հակադարձելու պատժամիջոցներու 6-րդ թղթածրարի ծիրին մէջ պատժել ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ պատրիարքը: