Շուշիի հռչակագիրը կարեւոր փաստաթուղթ է, որ ցոյց կու տայ, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձրագոյն մակարդակի վրայ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` «Ազրպէյճանա-թրքական ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնները` Կովկասի եւ շրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան աղբիւր» նիւթով երէկ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մասնակիցներուն ուղղած ուղերձին մէջ:
Ալիեւ ուշադրութեան հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ Շուշիի հռչակագիրը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած է Կարսի պայմանագիրի ստորագրումէն 100 տարի ետք:
Ալիեւ հպարտութիւն յայտնած է այն առնչութեամբ, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան բարոյական եւ քաղաքական չափանիշներով այսօր աշխարհի վրայ ամէնէն մօտ երկիրներն են: