«Այլ Համաճարակ Մը Պիտի Ըլլայ. Պէտք Է Նախօրօք Մտածենք» Կ՛ըսէ Պայտըն
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ բաւականաչափ ֆինանսաւորում ունին այս տարի «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար, սակայն երկրին աւելի շատ գումար պէտք է յաջորդ համաճարակին դէմ պայքարը ծրագրաւորելու համար: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Մեզի աւելի շատ գումար պէտք է երկրորդ համաճարակին պատրաստուելու համար: Այլ համաճարակ մը պիտի ըլլայ: Մենք պէտք է նախօրօք մտածենք», Սպիտակ...




















