Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոս. «Սուրիան Ներխուժողներուն Համար Գերեզման Պիտի Ըլլայ, Եթէ Թրքական Վարչակարգը Մեր Վրայ Յարձակում Շղթայազերծէ»

Յունիս 16, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Այման Սուսան Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ Սուրիոյ հարցին շուրջ Ասթանայի ձեւաչափով 8-րդ ժողովի ընթացքին յայտարարեց, որ սուրիական պատուիրակութիւնը պիտի բացայայտէ Սուրիոյ նկատմամբ թրքական վարչակարգին քաղաքականութիւնն ու վարմունքը` զգուշացնելով Անգարան «երկրի (Սուրիոյ, «Ա.») հիւսիսին վրայ յարձակում մը գործելու սպառնալիքը գործադրելէ, որովհետեւ Սուրիան ներխուժողներուն համար գերեզման պիտի ըլլայ»:

Ասթանայի մէջ սուրիական պատուիրակութիւնը գլխաւորող Սուսան ըսաւ, որ իր երկիրը միշտ Ասթանայի հոլովոյթի ժողովներուն կը մասնակցէր Սուրիոյ մէջ կայունութեան ամրապնդման վերաբերող շարք մը հարցերու նկատմամբ իր մտահոգութիւնները յայտնելու համար: «Այս ժողովը կը զուգադիպի թրքական վարչակարգի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Սուրիոյ հիւսիսին մէջ, ինչպէս ան կ՛ըսէ, զինուորական յարձակում շղթայազերծելու վերաբերեալ սպառնալիքներուն»:

Անոր կարծիքով, այդ հարցը ամբողջ հոլովոյթը փոփոխութեան կ՛ենթարկէ եւ կ՛ականահարէ նախապէս գործադրուած բոլոր փոխադարձ` հասկացողութիւնները:

«Եթէ կայ խնդիր, ատիկա թրքական վարչակարգին երաշխաւոր երկիրներուն միջեւ նախապէս համաձայնութեամբ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւններուն ու ելքերուն յանձնառու չըլլալն է, հակառակ անոր որ միշտ ալ կ՛ըսէինք, որ այդ վարչակարգը խաբեբայ է, հաւաստի եւ վստահելի չէ: Մեզի համար ան ահաբեկչական խմբաւորումներուն երաշխաւորն է, եւ այն, ինչ որ հիմա կ՛ընէ, այդ իրողութիւնը կը հաստատէ», ըսաւ ան:

«Թրքական այս քաղաքականութեան նկատմամբ բոլորին կողմէ դժգոհութիւն կայ, որովհետեւ Էրտողանի վարչակարգը որոշ ձեւով նպաստեց Ասթանայի ձեւաչափով աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք չբերելու», յայտնեց Սուսան:

«Պիտի հաստատենք Սուրիոյ վրայ որեւէ զինուորական յարձակումի մեր բացարձակ մերժումը` ինչ ալ ըլլան պատրուակները, եւ թէ Սուրիան ու սուրիացիք ամէն ձեւերով` ժողովրդային դիմադրութեամբ եւ սուրիացիներու կողմէ դիմակայմամբ պիտի դիմադրեն այս յարձակումին: Եւ (թրքական վարչակարգը) թող ամբողջովին վստահ ըլլայ, թէ Սուրիան ներխուժողներուն գերեզմանը պիտի ըլլան, եւ Սուրիոյ վրայ իր յարձակումը իր պատկերացուցածին նման պտոյտ մը պիտի չըլլայ», ըսաւ սուրիական պատուիրակութեան ղեկավարը:

Նշենք, որ 15-16 յունիսին Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ասթանայի ձեւաչափի երաշխաւոր երկիրներ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի, ինչպէս նաեւ Ղազախստանի կառավարութեան, Սուրիոյ եւ սուրիական ընդդիմութեան պատուիրակութիւններուն միջեւ ժողովը:

 

 

 

Նախորդը

«Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Բարոյական Եւ Քաղաքական Չափանիշներով Աշխարհի Վրայ Ամէնէն Մօտ Երկիրներն Են» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

«Ուքրանիոյ Պարտութիւնը Եւրոպական Միութեան Եւ ՕԹԱՆ-ի Համար Լիակատար Ձախողութիւն Ու Աղէտ Պիտի Նշանակէ» Կ՛ըսէ Լեհաստանի Վարչապետը

RelatedPosts

Փութին Եւ Էրտողան Միացեալ  Յայտարարութիւն Հրապարակեցին
Միջազգային

Փութին Եւ Էրտողան Միացեալ Յայտարարութիւն Հրապարակեցին

Օգոստոս 6, 2022
Խումբ Մը Ցուցարարներ Ներխուժած Են  Լոնտոնի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատուն  Եւ Վար Առած Դրօշը
Միջազգային

Խումբ Մը Ցուցարարներ Ներխուժած Են Լոնտոնի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատուն Եւ Վար Առած Դրօշը

Օգոստոս 6, 2022
Շոյկու Եւ Հասանով Քննարկած Են «Շրջանային  Անվտանգութեան Ապահովման Հարցեր»
Միջազգային

Շոյկու Եւ Հասանով Քննարկած Են «Շրջանային Անվտանգութեան Ապահովման Հարցեր»

Օգոստոս 4, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In