Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք երեքշաբթի օր աշխատանքային այցելութիւն մը տուած է Անգարա, ուր հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
«Քննարկուած են երկու երկիրներու առեւտրատնտեսական համագործակցութեան հարցեր», կը հաղորդէ Ռուսիոյ կառավարութեան կայքը:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ Էրտողան-Օվերչուք հանդիպումը դռնփակ դրութեամբ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ նախագահական պալատին մէջ:
Օվերչուքը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութեան ուղիները բանալու եռակողմ աշխատանքային խումբին մէջ ռուսական կողմի համանախագահն է: