Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն, Շոլց Եւ Տրակի Քիեւ Այցելելով Հանդիպում Ունեցան Զելենսքիի Հետ

June 17, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց եւ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակի երէկ միեւնոյն գնացքով հասան Քիեւ, ուր հանդիպում ունեցան Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ:

Նախքան Զելենսքիի հետ հանդիպումը, անոնք այցելեցին Քիեւէն հիւսիս գտնուող Իրփին արուարձան, որ պատերազմին պատճառով քանդուած է: Մաքրոն այնտեղ գովաբանեց ուքրանացիներուն «հերոսութիւնը»` աւելցնելով. «Այլ տեղերու կողքին, այստեղ է, որ ուքրանացիները արգելք հանդիսացան, որ ռուսական բանակը Քիեւ հասնի: Անիկա բանակին նաեւ Ուքրանիոյ բնակչութեան հերոսութիւնը կը ներկայացնէ: Եւ ատոր կողքին բարբարոսութեան հետքեր ունիք»: Ան ըսաւ, որ Իրփինի մէջ ջարդեր եւ պատերազմական ոճիրներ գործուած են:

Աւելի ուշ, Մաքրոն Քիեւի մէջ հանդիպում ունեցաւ Զելենսքիի հետ: Ասիկա փետրուարին Ռուսիոյ զինուորական գործողութեան սկիզբէն ի վեր առաջին անգամն էր, որ Մաքրոն եւ Զելենսքի դէմ առ դէմ հանդիպում ունեցան:

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակը յայտնեց, որ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Ռումանիոյ ղեկավարներուն հետ հանդիպումի ընթացքին Ուքրանիան անոնց Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու առաջարկ ներկայացուցած է: Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակէն պաշտօնատար Անտրիյ Երմաք «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է. «Պէտք է յարձակողին վրայ ճնշումը բարձրացնենք, աշխատանք տանինք պատժամիջոցներու 7-րդ թղթածրարի մը վրայ` կազի արգելքով»:

Զելենսքի հանդիպումի ընթացքին ընդունեց 26-28 յունիսին մասնակցելու «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովին: Կը նախատեսուի, որ ան վեհաժողովին մասնակցի տեսակապի ճամբով:

Մաքրոն յայտարարեց. «Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան եւ Ռումանիան կը զօրակցին Ուքրանիոյ անմիջապէս Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակի շնորհման»:

Ան շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները կը կանգնին Ուքրանիոյ կողքին, մինչեւ անոր յաղթանակի արձանագրումը:

 

Նախորդը

Փեսքով. «Միացեալ Նահանգները Կամ Եւրոպան Պիտի Չանհետանան, Ուստի Պարտադրուած Են Որոշ Եղանակով Հաղորդակցութիւն Պահպանելու»

Յաջորդը

Ռուսիա Փորձած Է Թուրքիան Համոզել Սուրիոյ Մէջ Իր Զինուորական Գործողութեան Ծրագիրը Ջնջելու

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.