Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Յանձնաժողովը Խորհուրդ Կու Տայ Ուքրանիոյ Եւ Մոլտովային Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածուի Կարգավիճակ Շնորհել, Իսկ Վրաստանին` Ոչ

June 18, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական յանձնաժողովը խորհուրդ տուած է Ուքրանիոյ տրամադրել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ: Առաջարկուած է նաեւ նման կարգավիճակ շնորհել Մոլտովային: Այս մասին կը հաղորդէ «Առ.Պի.Սի.-Ուքրանիա»-ն` յղում կատարելով Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենի յայտարարութեան:

Նշենք, որ ֆոն տեր Լեյեն յայտարարած է. «Ուքրանիան յստակօրէն ցոյց տուած է եւրոպական արժէքներուն եւ չափանիշներուն համապատասխան ապրելու իր ցանկութիւնն ու վճռականութիւնը»:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը մէկ օր առաջ նշած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը «պատմական որոշումի շեմին է»` Ուքրանիոյ թեկնածուի կարգավիճակ շնորհելու վերաբերեալ: Աղբիւրը կը նկատէ, որ Եւրոպական Միութիւնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Եւրոպական Միութեան համարկման հարցին մէջ «կանաչ լոյս» տուած է երկրի մը, ուր պատերազմ տեղի կ՛ունենայ, եւ կան բռնագրաւուած տարածքներ:

Բացի առաջարկներէն, Ուքրանիան այժմ պիտի ստանայ պահանջներ, զորս ան պէտք է ապագային կատարէ: Մասնաւորաբար, անոնք կը վերաբերին օրէնքի գերակայութեան, արդարադատութեան համակարգին եւ փտածութեան դէմ պայքարին: Այսպիսով, Եւրոպական յանձնաժողովի այս առաջարկները պիտի ներկայացուին Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն` քաղաքական որոշումի որդեգրման համար: Անոնք այժմ պէտք է հաստատուին Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու 23-24 յունիսին Պրիւքսելի մէջ գումարելիք վեհաժողովի ընթացքին:

Ինչ կը վերաբերի Վրաստանին, «էխոքաւքազա» կայքը կը գրէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովը ըսած է, որ այդ երկիրը, ի տարբերութիւն Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի, կրնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ ստանալ միայն շարք մը պայմաններու կատարման պարագային:

«Մենք խորհուրդ կու տանք, որ Եւրոպական խորհուրդը Վրաստանին տրամադրէ եւրոպական հեռանկար եւ հետագային գնահատէ երկրին կողմէ շարք մը պայմաններու կատարումը` նախքան անոր թեկնածուի կարգավիճակ տալը», ըսած է ան:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Եւրոպական յանձնաժողովի որոշումը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղղութեամբ առաջին քայլ մըն է, որ պիտի մօտեցնէ մեր յաղթանակը», եւ «յառաջիկայ շաբաթ Եւրոպական խորհուրդին կողմէ դրական արդիւնք» նախատեսեց:

 

Նախորդը

Ըստ «Տի Վելթ»-ի. Մաքրոնը, Շոլցն Ու Տրակին Փակ Դռներու Ետին Զելենսքիին Կոչ Ուղղած Են Վերսկսելու Ռուսիոյ Հետ Բանակցութիւններուն

Յաջորդը

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Թրքական Հաւանական Գործողութիւնը Կրնայ Քիւրտերը Մղել Անկախ Պետութիւն Ստեղծելու» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Յատուկ Պատուիրակը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.