Ռուսական Բանակը Գրաւած Է Սեւերոտոնեցք Քաղաքը
Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութեան Սեւերոտոնեցք քաղաքը կը գտնուի ռուսական զօրքերու եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութեան աշխարհազօրայիններու լիակատար վերահսկողութեան տակ: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով: «Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան ժողովրդական միլիսի ստորաբաժանումները ռուսական զօրքերուն աջակցութեամբ` բանակի զօրավար Սերկէյ Սուրովիքինի հրամանատարութեամբ, յաջող յարձակողական գործողութիւններու շնորհիւ ամբողջութեամբ ազատագրած են Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութեան Սեւերոտոնեցք եւ Պորովսքոյէ...




















