Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի «Շարք»-ին յայտնեց, որ «դժուար է Սուրիոյ (Արաբական լիկայի մէջ) իր աթոռին վերադարձի ժամկէտը նախատեսել»` նշելով. «Կարգ մը պետութիւններու կողմէ Սուրիան Արաբական լիկայի մէջ իր աթոռին վերադարձնելու ջանքեր կան»:
Յիշեցնենք, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ 9 մարտին յայտնած էր. «Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութեան վերադարձը կախեալ է անդամ երկիրներուն համաձայնութենէն»` նշելով. «Մինչեւ հիմա այդ համաձայնութիւնը չնկատուեցաւ»:
«Գահիրէի մէջ արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու` Սուրիոյ վերադարձին շուրջ ժողովէն ետք, այս թղթածրարը ժողովներու ընթացքին չքննարկեցինք, որովհետեւ այս հարցը պիտի ձգուի պետութիւններուն միջեւ երկկողմանի հաղորդակցութիւններուն», ըսած էր Ապուլ Ղէյթ:
Նշենք, որ Արաբական լիկան նոյեմբեր 2011-ին առկախած էր Սուրիոյ անդամակցութիւնը` այդ երկրին մէջ ընթացող տագնապին եւ Սուրիոյ կառավարութիւնը քաղաքացիներու սպանութեամբ ամբաստանելուն պատճառով: