Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց. «Աշխատանքի սկսանք Իսրայէլի հետ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը բարձրացնելու դեսպաններու մակարդակին»:
«Մենք մեր երկրին մէջ ահաբեկչական յարձակումներ չենք արտօներ եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ սերտօրէն կը գործակցինք Իսրայէլի հետ», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Նշենք, որ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտի Թուրքիա այցելութեան նախօրեակին թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը բացայայտած է, որ անցեալ ուրբաթ օր Պոլսոյ մէջ իրանեան յարձակումի փորձ մը ձախողութեան մատնած է:
«Ըստ թուրքերուն, իրանցիները ծրագրած են Պոլսոյ մէջ իսրայէլացի դիւանագէտներ ու զբօսաշրջիկներ առեւանգել եւ անոնց վնաս հասցնել», նշեց իսրայէլեան օրաթերթը` նշելով, որ ծրագրողները կը գտնուէին Պոլիս:
Ըստ տեղեկագիրին, թիրախներէն մէկը Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանին մէջ պանդոկի մը մէջ բնակող Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի նախկին դեսպանն ու անոր կինն էին:
Թրքական լրատուամիջոցներ այս առումով հաղորդեցին, որ Պոլսոյ մէջ հինգ իրանցիներ եւ երկու թուրքեր ձերբակալուած են` իսրայէլացի զբօսաշրջիկներ ահաբեկել ծրագրելու մեղադրանքով:
Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն, նշեալ բջիջը կը գործէր յանուն իրանեան գաղտնի սպասարկութեան:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին նշեց. «Իսրայէլ Թուրքիոյ մէջ իսրայէլացիներու դէմ ահաբեկչական արարքներ գործելու փորձերու հարցով կրնայ հակադարձել»:
«Իրանը կը կանգնի Պոլսոյ մէջ իսրայէլացի քաղաքացիները թիրախ դարձնող ահաբեկչական յարձակումներ շղթայազերծելու փորձերու ետին», նշեց Լափիտ:
«Աշխարհի տարածքին մեր քաղաքացիներուն վնաս հասցնելու փորձերուն նկատմամբ չէզոք պիտի չկենանք», աւելցուց ան: