Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Բանակը Գրաւած Է Սեւերոտոնեցք Քաղաքը

June 27, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութեան Սեւերոտոնեցք քաղաքը կը գտնուի ռուսական զօրքերու եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութեան աշխարհազօրայիններու լիակատար վերահսկողութեան տակ: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով:

«Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան ժողովրդական միլիսի ստորաբաժանումները ռուսական զօրքերուն աջակցութեամբ` բանակի զօրավար Սերկէյ Սուրովիքինի հրամանատարութեամբ, յաջող յարձակողական գործողութիւններու շնորհիւ ամբողջութեամբ ազատագրած են Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութեան Սեւերոտոնեցք եւ Պորովսքոյէ քաղաքները, Վորոնովօ եւ Սիրոթինօ բնակավայրերը: Այսպիսով, «Սեւերոտոնեցքի ազոթ» ձեռնարկութեան արդիւնաբերական գօտին դիմադրութեան յամառ կեդրոնի վերածելու հակառակորդի փորձը խափանուած է: Ներկայիս այդ ձեռնարկութեան տարածքը կը վերահսկեն Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան միլիսի ստորաբաժանումները», ըսած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը:

Ան յայտարարած է, որ այս պահուս Սւրսքի Տոնեցներու ամբողջ ձախափնեայ տարածքը Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան սահմաններուն մէջ անցած է անոր լիակատար վերահսկողութեան տակ:

Միւս կողմէ, «Քորրեսփոնտենթ» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը յայտնած է, թէ երէկ առաւօտեան Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի վրայ յարձակումի պատճառով հրթիռ մը խոցած է ինը յարկանի շէնք մը, կան մարդկային վնասներ:

Կը նշուի, որ բարձրայարկ շէնքին մէջ բռնկած հրդեհի մասին հաղորդագրութիւնը ստացուած է ժամը 6:29-ին: Ուքրանական կողմին պնդումով` ռուսական զօրքին կատարած հրթիռակոծութեան պատճառով հրդեհ բռնկած է 9 յարկանի բնակելի շէնքին մէջ` 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ յարկերու մասնակի աւերածութիւններով:

Յիշեցնենք, որ կիրակի օր Քիեւի մէջ ուժեղ պայթումներ որոտացած են: Մայրաքաղաքի բնակիչները չորս պայթումի ձայն լսած են, մասնաւորաբար` Շեւչենքոյի շրջանին մէջ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն ստուգած է Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութեան մասնակից ռուսական զօրքերու խումբը:

«Ռուսական խմբաւորումներու հրամանատարական կէտերուն մէջ բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկուն հրամանատարներէն զեկուցումներ լսած է հիմնական գործողութիւններու տարածքներուն մէջ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու ներկայ կացութեան եւ գործողութիւններուն մասին», յայտնած են նախարարութենէն:

Շոյկուն նաեւ Ռուսիոյ հերոսի Ոսկիէ աստղ եւ Արիութեան շքանշաններ յանձնած է մարտական առաջադրանքները կատարելու ընթացքին հերոսութիւն եւ անձնուրացութիւն ցուցաբերած մարտիկներուն:

 

 

Նախորդը

Պլինքըն Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովին Եւ Ուքրանիոյ Տագնապին Առնչուող Հարցեր

Յաջորդը

Իրաքի Վարչապետը Սէուտական Արաբիա Եւ Իրան Այցելեց

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.