Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա Եւ Երեք Այլ Երկիրներ Խաղաղովկիանոսեան Նոր Դաշինք Մը Ստեղծած Են

June 27, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիան, Բրիտանիան, Նոր Զելանտան, Ճափոնն ու Միացեալ Նահանգները Խաղաղական ովկիանոսի շրջանին մէջ նոր դաշինք մը ստեղծած են: Այս մասին կը նշուի վերոնշեալ հինգ երկիրներու միացեալ յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է Սպիտակ տան պաշտօնական կայքին վրայ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ «Փարթնըրզ ին Պլու Փասիֆիք»-ի (Կապոյտ Խաղաղականի մէջ Գործընկերներ) կամ ՓՊՓ-ի գործընկերութեան նպատակն է արդիւնաւէտ համագործակցութիւնն ու շրջանին մէջ կղզի պետութիւններուն աջակցութիւնը:

«Մեր հինգ երկիրները գործարկած են համապարփակ ոչ պաշտօնական մեքանիզմ` Կապոյտ Խաղաղականի մէջ գործընկերներ (ՓՊՓ) գործընկերութիւնը, խաղաղովկիանոսեան առաջնահերթութիւններուն աւելի արդիւնաւէտ ու գործող աջակցութիւն ապահովելու համար:

«Այս նոր նախաձեռնութիւնը հիմնուած է շրջանին նկատմամբ մեր տեւական յանձնառութեան եւ խաղաղովկիանոսեան կղզի պետութիւններու հետ մեր երկարաժամկէտ համագործակցութեան ու սերտ կապերուն վրայ: Մենք միասնական ենք շրջանին աջակցելու մեր վճռականութեան մէջ` գերիշխանութեան, թափանցիկութեան ու հաշուետուողականութեան սկզբունքներու համաձայն եւ խաղաղովկիանոսեան պետութիւններու առաջնորդութեան ու ղեկավարութեան տակ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ինչպէս կը հաղորդուի, դաշինքի անդամ երկիրները կը նախատեսեն «մինչեւ 2050 թուական երկարող ժամկէտով ուժեղացնել խաղաղովկիանոսեան առաջնահերթութիւններու աջակցութեան ուղղուած ջանքերը` համաձայն խաղաղովկիանոսեան կղզիներու համախմբումի ռազմավարութեան», ինչ որ, ինչպէս կ՛ակնկալուի, կը պատրաստուի որդեգրուիլ կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու յառաջիկային կայանալիք վեհաժողովի ընթացքին:

«Մենք պիտի կազմենք գոյութիւն ունեցող նախագիծերու քարտէսն ու յառաջիկայ նախաձեռնութիւնները այնպէս պիտի նախագծենք, որպէսզի աւելի շատ ներուժ ներգրաւենք: Զուգահեռաբար, երկիրներէն իւրաքանչիւրը պիտի շարունակէ մեծցնել շրջանի աջակցութեան ուղղուած անհատական ջանքերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Սթոլթենպերկ Չի Կրնար Երաշխաւորել Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին Արագ Անդամակցութիւնը

Յաջորդը

«Հաւանական Է, Որ Հիւլէական Բանակցութիւնները Վիեննայի Փոխարէն Ծոցի Երկիրներէն Մէկուն Մէջ Շարունակուին» Կ՛ըսէ Իրանցի Պաշտօնատար Մը

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.