Միջազգային

Այսօր Աշկապատի Մէջ Փութին-Ալիեւ Հանդիպում

Այսօր Աշկապատի Մէջ Փութին-Ալիեւ Հանդիպում

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 29 յունիսին Աշկապատի մէջ` Կասպից ծովու վեհաժողովի ծիրին մէջ, հանդիպում պիտի ունենայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով «Ինթըրֆաքս»-ին, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով: Ուշաքով նշած է, որ Փութին երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ Ազրպէյճանի, Թուրքմենիստանի եւ Իրանի նախագահներուն հետ:    

Ամերիկեան Օդուժը Իտլիպի Մէջ «Հուրրաս Տին» Ահաբեկչական Խմբաւորման Մէկ Ղեկավարը Սպաննեց

Ամերիկեան Օդուժը Իտլիպի Մէջ «Հուրրաս Տին» Ահաբեկչական Խմբաւորման Մէկ Ղեկավարը Սպաննեց

Ամերիկեան բանակը յայտարարեց, որ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ օդային հարուածով մը թիրախ դարձուցած է Քայիտա կազմակերպութեան մօտիկ եղող «Հուրրաս Տին» ահաբեկչական խմբաւորման մէկ ղեկավարը: Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ապու Համզա Եամանին օդային հարուածին ժամանակ առանձին մոթորսիքլեթով կը տեղափոխուէր»: Հրամանատարութիւնը աւելցուց, ոոր գոյութիւն չունի որեւէ ցուցանիշ, թէ օդային հարուածին պատճառով որեւէ քաղաքային վնասուած է: «Այս ականաւոր ղեկավարին...

«Այլեւս Յստակ Է, Թէ Ռուսիոյ Թիւ Մէկ Նպատակը Ուքրանիոյ Անձնատուութիւնն Է, Եւ Կը Մաղթեմ, Որ Պատերազմը Այս Տարի Աւարտի»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Այլեւս Յստակ Է, Թէ Ռուսիոյ Թիւ Մէկ Նպատակը Ուքրանիոյ Անձնատուութիւնն Է, Եւ Կը Մաղթեմ, Որ Պատերազմը Այս Տարի Աւարտի» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ դէմ հացահատիկի կամ սննդեղէնի վերաբերեալ պատժամիջոցներ չկան` նշելով. «Այլեւս յստակ է, թէ Ռուսիոյ թիւ մէկ նպատակը Ուքրանիոյ անձնատուութիւնն է, եւ ոչ ոք կը կարծէ, թէ պատերազմը շաբաթներու կամ ամիսներու ընթացքին պիտի աւարտի: Կը մաղթեմ, որ այս տարի աւարտի»: «Ռուսական ներխուժումը մէկ նպատակ ունի` Ուքրանիան ծունկի բերել, եւ Ուքրանիոյ պիտի...

Համաս Իր Մօտ Պահուող Իսրայէլացի Զինուորի Մը Վերաբերեալ Տեսերիզ Մը Ցուցադրեց

Համաս Իր Մօտ Պահուող Իսրայէլացի Զինուորի Մը Վերաբերեալ Տեսերիզ Մը Ցուցադրեց

Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւը` «Քասսամի փաղանգները» խմբաւորումը իր մօտ իբրեւ գերի գտնուող իսրայէլացի զինուորներէն մէկու մը` Հիշամ Սայետի վերաբերեալ տեսերիզ մը ցուցադրեց: Մէկ օր առաջ «Քասսամի փաղանգները» խմբաւորումը յայտարարած էր, որ իր մօտ գտնուող գերիներէն մէկուն առողջական վիճակը վատթարացած է, «եւ քանի մը ժամէն» այդ մէկը հաստատող տեսերիզ մը պիտի ցուցադրէ: Համասի մօտ կը գտնուին 2014-ի Կազայի պատերազմին ընթացքին...

«Պայտընի Խորհրդականները Կը Կասկածին, Թէ Ուքրանիան Երբեւէ Պիտի Կարենայ Իր Կորսնցուցած Տարածքներուն Վերատիրանալ»   Կը Գրէ «Սի. Էն. Էն.»

«Պայտընի Խորհրդականները Կը Կասկածին, Թէ Ուքրանիան Երբեւէ Պիտի Կարենայ Իր Կորսնցուցած Տարածքներուն Վերատիրանալ» Կը Գրէ «Սի. Էն. Էն.»

Սպիտակ տան պաշտօնատարները կը կորսնցնեն վստահութիւնը, թէ Ուքրանիան երբեւէ պիտի կարենայ վերատիրանալ այն ամբողջ տարածքին, որ կորսնցուցած է Ռուսիոյ հետ պատերազմի վերջին չորս ամիսներուն ընթացքին, նոյնիսկ եթէ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները աւելի ծանր ու բարդ սպառազինութիւն ուղարկեն Քիեւ: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են ամերիկացի պաշտօնատարները: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի խորհրդականները սկսած են ներքին քննարկումներու, թէ ինչպէ՞ս եւ արդեօք...

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Մեր Հիմնած Անվտանգութեան Գօտիին Բացերը Անմիջապէս Որ Փակուին, Զինուորական Նոր Գործողութեան Պիտի Սկսին»

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Մեր Հիմնած Անվտանգութեան Գօտիին Բացերը Անմիջապէս Որ Փակուին, Զինուորական Նոր Գործողութեան Պիտի Սկսին»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ մեր հիմնած անվտանգութեան գօտիի բացերը անմիջապէս որ փակուին, զինուորական նոր գործողութեան պիտի սկսինք»: «Անգարան կը շարունակէ երկրի հարաւի երկայնքին Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ 30 քիլոմեթր խորութեամբ անվտանգութեան գօտիի ստեղծումը», ըսաւ Էրտողան: Ան նաեւ շեշտեց. «Նոր Թուրքիան իր սկզբունքներէն պիտի չզիջի եւ պիտի չընդունի որեւէ պետութեան ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը, եթէ մեր պայմանները չկատարէ»:...

«Պրիքս»-ի Երկիրները Պէտք Է Պատրաստ Ըլլան Անվտանգութեան Բնագաւառին Մէջ Նոր Սպառնալիքներուն»   Կ՛ըսէ Փեքին

«Պրիքս»-ի Երկիրները Պէտք Է Պատրաստ Ըլլան Անվտանգութեան Բնագաւառին Մէջ Նոր Սպառնալիքներուն» Կ՛ըսէ Փեքին

ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրները (Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութիւն) աշխարհի վրայ աճող անկայունութեան պայմաններուն մէջ պէտք է պատրաստ ըլլան անվտանգութեան բնագաւառին մէջ թէ՛ աւանդական, թէ՛ ալ նոր սպառնալիքներու հակազդումին: «Արմէնփրես»` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ 16 յունիսին այս մասին յայտնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «ՊՐԻՔՍ-ի պետութիւնները (...) պէտք է պատրաստուին աւանդական, ինչպէս նաեւ ոչ...

Պայտըն Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Պիտի Քննարկէ Նաեւ Քարիւղի Արդիւնաբերութեան Առնչուած Հարցեր

Պայտըն Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Պիտի Քննարկէ Նաեւ Քարիւղի Արդիւնաբերութեան Առնչուած Հարցեր

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յաջորդ ամիս Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկէ նաեւ քարիւղի արդիւնահանման առնչուած հարցեր: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով բանբեր Ճոն Քըրպի: «Նախագահը կը մեկնի Սէուտական Արաբիա Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի, Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդ+3 (հանդիպումին) համար: Այդ ձեւաչափը կ՛ընդգրկէ շրջանի ինը պետութիւններ: Այնտեղ մեծ օրակարգ կայ...

Վրաստանը, Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը  Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Վրաստանը, Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

17-28 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենան «Յաւերժութիւն 2022» ռազմափորձերը` Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի զինուորներուն մասնակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Կը նշուի, որ ռազմափորձերու ծրագրաւորման հարցով առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ մէջ: Հանդիպումին մասնակցած են երեք երկիրներէն ներկայացուցիչներ:

«Եօթներու Խմբակ»-ի Ղեկավարներ. «Ուքրանիան  Ինք Պէտք Է Խաղաղ Լուծման Մասին  Որոշում Տայ` Առանց Արտաքին Ճնշումի»

«Եօթներու Խմբակ»-ի Ղեկավարներ. «Ուքրանիան Ինք Պէտք Է Խաղաղ Լուծման Մասին Որոշում Տայ` Առանց Արտաքին Ճնշումի»

«Եօթներու խմբակ»-ի ղեկավարները 27 յունիսին, Պերլինի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի ընթացքին որդեգրած են Ուքրանիոյ տագնապին մասին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ խմբակի անդամ երկիրները պիտի շարունակեն աջակցիլ Ուքրանիոյ, անոր գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Անոնք կը նշեն, որ Ուքրանիան ինք պէտք է որոշում տայ խաղաղ լուծման մասին` առանց արտաքին ճնշումի: «Մենք կը մնանք ցնցուած եւ կը շարունակենք դատապարտել Պիելոռուսիոյ...

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի.  Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Ուքրանիոյ  Մեծ Հեռահարութեամբ Հակահրթիռային  Պաշտպանութեան Համակարգեր Մատակարարել

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Ուքրանիոյ Մեծ Հեռահարութեամբ Հակահրթիռային Պաշտպանութեան Համակարգեր Մատակարարել

Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն այս շաբթուան ընթացքին յայտարարել Ուքրանիոյ միջին եւ մեծ հեռահարութեան հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման մտադրութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմին մէջ տեղի ունեցած լաւատեղեակ աղբիւրին: Այս օրերուն, Գերմանիոյ մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն նախապէս ակնարկած էր, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Ուքրանիոյ փոխանցել աւելի կատարեալ հրթիռային համակարգեր ու զինամթերք: «Շաբթուան...

Այսօր Մատրիտի Մէջ Թուրքիոյ, Շուէտի,  Ֆինլանտայի Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ  Քառակողմ Վեհաժողով

Այսօր Մատրիտի Մէջ Թուրքիոյ, Շուէտի, Ֆինլանտայի Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ Քառակողմ Վեհաժողով

Թուրքիան, ՕԹԱՆ-ը եւ դաշինքին անդամակցելու ցանկութիւն յայտնած երկու թեկնածու երկիրներ` Ֆինլանտան եւ Շուէտը, երեքշաբթի օր Մատրիտի մէջ բարձր մակարդակով բանակցութիւններ պիտի ունենան: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այս մասին «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն: Քալընի համաձայն, հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի խնդրանքով: Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Թուրքիան մտադիր չէ...

Ռուսիան Վերջին 100 Տարուան Մէջ  Առաջին Անգամ Ըլլալով Դիմագրաւած Է Արտաքին  Պարտքի Վճարման Անկարողութիւն

Ռուսիան Վերջին 100 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Դիմագրաւած Է Արտաքին Պարտքի Վճարման Անկարողութիւն

27 յունիսին աւարտած է Ռուսիոյ շուրջ 100 միլիոն տոլարի եւրապարտատոմսերու տոկոսներու վճարման արտօնեալ ժամկէտը, այդ պատճառով ալ արձանագրուած է վերջին հարիւր տարուան մէջ Ռուսիոյ համար «տիֆոլթ»-ի` արտաքին պարտքի վճարման անկարողութեան առաջին դէպքը: Այս մասին հաղորդեց «Պլումպըրկ»-ը` վկայակոչելով պարտքային պարտաւորութիւններու պայմանները, որոնց համաձայն, 26 յունիսին աւարտած է շուրջ 100 միլիոն տոլարի եւրապարտատոմսերու տոկոսներու վճարման արտօնեալ ժամկէտը: Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր,...

Հիւլէական Համաձայնութեան Վերականգնման Բանակցութիւններու Յաջորդ Փուլը Տոհայի՞ Մէջ

Հիւլէական Համաձայնութեան Վերականգնման Բանակցութիւններու Յաջորդ Փուլը Տոհայի՞ Մէջ

Հիւլէական համաձայնութեան վերականգնման բանակցութիւններուն մէջ իրանեան պատուիրակութեան խորհրդատու Մոհամետ Մարանտի «Ժազիրա»-ին յայտնեց. «Հաւանական է, որ Քաթար հիւրընկալէ հիւլէական բանակցութիւններու յաջորդ փուլը»: «Քաթարի բանակցութիւնները հիւրընկալելու մասին զրոյցները կը բխին այն իրողութենէն, որ ան շրջանին մէջ մեզի բարեկամ երկիր է», ըսաւ ան` նշելով. «Բանակցութիւնները, ինչպէս Վիեննայի պարագային էր, անուղղակի պիտի ըլլան»: Աւելի ուշ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, թէ կը նախատեսուի, որ...

«Վիեննայի Բանակցութիւնները Յառաջդիմութիւն Արձանագրեցին, Եւ Թեհրան Համաձայնութեան Հասնելու Չ՛Աճապարեր» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

«Սէուտական Արաբիան Պատրաստ Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւնը Վերականգնելու» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ երէկ յայտարարեց, որ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմի «մեզի Ռիատէն պատգամ մը փոխանցեց, եւ միասնաբար քննարկեցինք թուականը Պաղտատի մէջ յաջորդ փուլին, որ դիւանագիտական մակարդակով պիտի ըլլայ»` գնահատելով «Թեհրան եւ Ռիատի միջեւ միջնորդութեան մէջ իրաքեան դերակատարութիւնը»: Խաթիպզատէ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռիատ պատրաստ է Պաղտատի մէջ Թեհրանի հետ բանակցութիւններուն մակարդակը բարձրացնելու դիւանագէտներու...

«Էրտողանի` Նախագահի Պաշտօնին  3-րդ Անգամ Առաջադրումը Օրինական Է»  Կ՛ըսէ Պոզտաղ

«Էրտողանի` Նախագահի Պաշտօնին 3-րդ Անգամ Առաջադրումը Օրինական Է» Կ՛ըսէ Պոզտաղ

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ արձագանգած է շարք մը ընդդիմադիր կուսակցութիւններու` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 2023 թուականի ընտրութեան նախագահի պաշտօնին թեկնածու առաջադրուելու անօրինականութեան մասին յայտարարութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթը: Անոր համաձայն, նման յայտարարութիւնները սխալ են, հակառակ այն հանգամանքին, որ երկրին ղեկավարը երրորդ անգամ ընտրութեան կը մասնակցի: «Մեր թեկնածուն նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է: Անոր յառաջիկայ ընտրութեան...

ՄԱԿ. «Մեր Հաւաքած Տեղեկութիւնները  Կը Հաստատեն, Որ Իսրայէլեան Ուժերը Արձակած Են  Ապու Աքիլան Սպաննած Փամփուշտները»

ՄԱԿ. «Մեր Հաւաքած Տեղեկութիւնները Կը Հաստատեն, Որ Իսրայէլեան Ուժերը Արձակած Են Ապու Աքիլան Սպաննած Փամփուշտները»

ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց յանձնախումբի բանբեր Ռաֆինա Շամտսանի յայտարարեց. «Մեր հաւաքած բոլոր, նաեւ իսրայէլեան բանակէն եւ պաղեստինեան դատախազէն հաւաքած տեղեկութիւնները կը հաստատեն այն իրողութիւնը, թէ Շիրին Ապու Աքիլան սպաննած եւ անոր գործընկեր Ալի Սամուտին վիրաւորած փամփուշտները արձակուած են իսրայէլեան ապահովական ուժերուն կողմէ, եւ պաղեստինցի զինեալներու կողմէ արձակուած անկանոն փամփուշտներ չեն, ինչպէս իսրայէլեան իշխանութիւնները սկիզբը յայտնեցին»: Շամտսանի Ժընեւի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին...

Ազրպէյճանը, Թուրքիան Եւ Ղազախստանը  Ստորագրած Են Պաքուի Հռչակագիրը. Անդրադարձ  Կատարուած Է «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին

Ազրպէյճանը, Թուրքիան Եւ Ղազախստանը Ստորագրած Են Պաքուի Հռչակագիրը. Անդրադարձ Կատարուած Է «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին

Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ղազախստանի արտաքին գործոց եւ փոխադրամիջոցներու նախարարներու առաջին եռակողմ հանդիպումը, որուն բացումին ընթացքին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով խօսած է եռակողմ հանդիպումի նշանակութեան մասին եւ ընդգծած եռակողմ ու շրջանային համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Այս մասին կը գրէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը: Պայրամով նշած է, որ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ երեք երկիրները հետաքրքրող հարցերու շուրջ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու...

Այսօր Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ,  Ղազախստանի Արտաքին Գործոց  Նախարարներու Հանդիպում

Այսօր Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ղազախստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ղազախստանի արտաքին գործոց եւ փոխադրամիջոցներու նախարարները Պաքուի մէջ եռակողմ հանդիպում պիտի ունենան: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն: Կը հաղորդուի, որ եռակողմ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր:

Իրաքի Վարչապետը Սէուտական  Արաբիա Եւ Իրան Այցելեց

Իրաքի Վարչապետը Սէուտական Արաբիա Եւ Իրան Այցելեց

Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմի շաբաթ օր այցելեց Սէուտական Արաբիա, իսկ երէկ` Իրան: Սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը Ժետտայի Քասր Սալամի արքունիքին մէջ հանդիպում ունեցած է Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմիի հետ: Անոնք ունեցած են պաշտօնական բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւններն ու համագործակցութեան ոլորտները, ինչպէս նաեւ տեսակէտներու փոխանակում կատարուած է...

Page 258 of 882 1 … 257 258 259 … 882

Արխիւներ