Ուքրանական տագնապի քաղաքական լուծումը կարելի է միայն Քիեւի կողմէ Մոսկուայի բոլոր պահանջները ընդունելէ ետք: Այս մասին յայտնեց Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Փեսքով նախապէս յայտնած էր, որ «Մոսկուան կը սպասէ, որ Քիեւ ընդառաջէ իր պահանջներուն»` աւելցնելով. «Ուքրանիան պէտք է տեղեակ ըլլայ խաղաղութեան բանակցութիւններուն սկսելու վերաբերեալ կացութենէն»:
Նշենք, որ Մոսկուա մասնաւորաբար կը պահանջէ, որ Ուքրանիան Խրիմը իբրեւ Ռուսիոյ տարածք ճանչնայ, ինչպէս նաեւ Լուկանսքն ու Տոնեցքը ճանչնայ իբրեւ անկախ պետութիւններ: Ուքրանիան կտրականապէս կը մերժէ այդ պահանջները: