Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթոլթենպերկ Չի Կրնար Երաշխաւորել Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին Արագ Անդամակցութիւնը

June 27, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ չի կրնար երաշխաւորել, որ Շուէտն ու Ֆինլանտան շուտով դառնան ՕԹԱՆ-ի անդամներ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է Պրիւքսելի մէջ ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին:

«Իմ նպատակս առաջուան նման մտահոգութիւնն է, որ անոնք (Շուէտն ու Ֆինլանտան) ամէնէն մօտ ժամանակին կարենան անդամակցիլ (ՕԹԱՆ-ին)», ըսած է Սթոլթենպերկ` աւելցնելով. «Ես չեմ կրնար երաշխաւորել, սակայն կ՛ըսեմ, որ ատիկա տակաւին իմ նպատակս է»:

Օրաթերթը կը գրէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը չի կորսնցներ լաւատեսութիւնը հիւսիսային երկու երկիրներու` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան նկատմամբ, հակառակ Թուրքիոյ առարկութեան:

«Ատիկա առաջին անգամը չէ, որ (ՕԹԱՆ-ի գծով) մէկ կամ քանի մը դաշնակիցներ համաձայն չեն միւսներուն հետ», յիշեցուցած է ան:

ՕԹԱՆ-ի մէջ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի դեսպանները 18 մայիսին Սթոլթենպերկին յանձնած են իրենց երկիրներուն ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումները: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այն ժամանակ յայտարարած էր, որ Անգարան հաւանութիւն պիտի չտայ այդ երկիրներու` ՕԹԱՆ-ի մէջ ընդունման, քանի տակաւին անոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու նկատմամբ իրենց վերաբերմունքը չեն որոշած:

20 յունիսին Թուրքիոյ, Ֆինլանտայի եւ Շուէտի պաշտօնատար անձեր Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցան հանդիպում մը: Սթոլթենպերկ զայն նկատեց կառուցողական` աւելցնելով, որ Անգարան ունի օրինական մտահոգութիւններ, որոնք անհրաժեշտ է ջնջել: Թուրքիոյ մէջ յայտարարած են, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին:

Սթոլթենպերկ նաեւ ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը երկարատեւ պիտի ըլլայ: Անոր համաձայն, ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները «քաղաքական եւ բարոյական պարտաւորութիւն ունին» զէնքի մատակարարումը չդադրեցնելու:

«Մենք պէտք է մատակարարենք ժամանակակից սպառազինութիւն, ծանր սպառազինութիւն, ինչպէս ատիկա ըրած են ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները երկար ժամանակ, եւ ՕԹԱՆ-ը նոյնպէս պէտք է դեր խաղայ աջակցութեան հարցին մէջ:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ պատերազմը իրականութեան մէջ սկսած է 2014 թուականին, երբ Ռուսիան Խրիմը միացուց եւ աջակցեցաւ Արեւելեան Ուքրանիոյ զինեալներուն:

Նախորդը

«Կարելի Ամէն Բան Կ՛ընենք, Որպէսզի Ուքրանիան Պարզեցուած Ընթացակարգով Դառնայ Եւրոպական Միութեան Անդամ» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա Եւ Երեք Այլ Երկիրներ Խաղաղովկիանոսեան Նոր Դաշինք Մը Ստեղծած Են

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.